ՀՄԸՄ Լիբանանի ճատրակի ներկայացուցչական խումբը ունեցաւ իր առաջին հանդիպումը ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները եւ ճատրակի յանձնախումբը տեսակցութիւն մը ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմի եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ խումբին յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքի գործելաձեւին մասին, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնին տարած զանազան աշխատանքներուն մասին:
Ներկայացուցչական խումբի անդամներն են` Հրակ Լախեան, Յովիկ Թորոսեան, Յովիկ Արամալի, Ժիրայր Օգնայեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Հայկ Աւետիս, Արի Աւետիս, Հրայր Պրունսուզեան, Սիւզան Մուրատեան, Քնար Մուրատեան, Էլի Յակոբեան, տոքթ. Գէորգ Թերզեան, Գէորգ Կոստանեան եւ Րաֆֆի Ճիկերեան: