
Լիբանանցի վարորդ Շարպել Հապիպ եւ անոր օգնականը` Ուալիտ Սըմահա, այսօր` երեքշաբթի, 22 մարտին, «Փորշ» ընկերութեան ցուցասրահին մէջ (Քոռնիշ Նահր) պիտի տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարեն Պէյճինկ – Փարիզ քլասիք ինքնաշարժներու 6-րդ ռելիին իրենց մասնակցութեան մասին. այս ռելին տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսէն 17 յուլիս: Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 13,695 քմ:
Նշենք, որ անոնք այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 1964 տիպի «Փորշ-356 Սի.» ինքնաշարժով:
Բարի գալուստի խօսքով ելոյթ պիտի ունենայ «Փորշ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ասաատ Ռուֆայէլ, մինչ Հապիպ եւ Սըմահա պիտի խօսին այս ռելիին մասին եւ պիտի պատասխանեն լրագրողներուն հարցումներուն:


