17 ապրիլին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առաջադրումներու ժամկէտը աւարտած է: Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին մէջ առաջադրուած է չորս թեկնածու: Բացի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն ու «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութենէն, շրջանին մէջ թեկնածու առաջադրած է նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի պաշտօնական կայքէն «Փանորամա»-ն տեղեկացաւ, որ քաղաքապետի պաշտօնին համար պիտի պայքարին հանրապետական գործող համայնքապետ Սարգիս Արամեան, Թալինի համայնական ծառայութեան տնօրէն, անկուսակցական Գէորգ Գրիգորեան, «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութենէն Գուրգէն Գրիգորեան, ՀՅԴ-էն` Ազգային ժողովի կառավարութեան մէջ առաջին կարգի մասնագէտ Տիգրան Յարութիւնեան: