Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Խաղաղութեան, Բարգաւաճման Եւ Արդարութեան Պատգամներով Քոնկրես Կ՛այցելէ

March 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

anca-Dold_31716

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Արցախի ու Հայաստանի խաղաղութիւնը պահպանելու, անոր բարգաւաճման զարկ տալու եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին համար հովանաւորներ ապահովելու նպատակներով, 15-16 մարտին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ քոնկրեսականներու հետ տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնց մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու տարածքէն մայրաքաղաք եկած Հայ դատի գործիչներ եւ համակիրներ` ընկերակցութեամբ Հայաստանէն եւ Արցախէն դիւանագէտներու:

Հանդիպումներուն առաջին օրուան աւարտին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին ելոյթներ ունեցան շարք մը քոնկրեսականներ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանը, Արցախի մնայուն ներկայացուցիչը եւ Ստեփանակերտի մէջ պարոնուհի Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի վարիչը:

Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Էտըմ Շիֆ, Ճեքի Սփիր, Ճուտի Չու եւ Ճիմ Լենկվին:

Իրենց կարգին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեան լուսարձակի տակ առին շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար Հայաստանի եւ Արցախի ջանքերը` միաժամանակ շեշտելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարեւորութիւնը:

Հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան` խօսելով Ստեփանակերտի հետ Մոնթեպելլոյի հաստատած քոյր քաղաքի համաձայնութեան շնորհիւ Արցախին տրամադրուող օժանդակութեանց մասին:

Իր կարգին, Ստեփանակերտի մէջ գործող պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի վարիչ Վարդան Թադէոսեան նկարագրեց ցարդ աւելի քան 1000 երեխաներու եւ չափահասներու կենսական օժանդակութիւն ապահոված սոյն կեդրոնին փրկարար աշխատանքը:

Նշենք, որ 14 մարտին անսալով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կոչին` հազարաւոր ամերիկահայեր իրենց քոնկրեսականներուն հեռաձայնելով շեշտեցին հայանպաստ շարք մը բանաձեւերու վաւերացման կարեւորութիւնը:

Շեշտուեցաւ յատկապէս Արցախի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու նպատակով յղուած Ռոյս-Էնկըլ եւ Ռոյս-Շըրմըն նամակներուն նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնները աւելցնելու ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 154 բանաձեւը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Շարունակէ Պարգեւատրել Մեծերը

Յաջորդը

«Հայերը Պէտք Է Բոլոր Միջոցներով Ապահովեն Իրենց Հողերուն Վերադարձը» Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.