Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պէտք Է Կամայապաշտ Կեցուածքներէն Հրաժարի» Յայտարարեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Մարտ 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MFA-Greece_31816

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը յարձակում գործեց Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի եւ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի դէմ` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յունաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ անոնց կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն լոյսին տակ:

Արդարեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Թանժու Պիլկիչ, անդրադառնալով Յունաստանի նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը անհերքելի պատմական փաստ նկատելու եւ զայն ճանչնալու գծով կատարած յայտարարութիւններուն, ըսաւ. «Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը որեւէ պարագայի հիմք պիտի չտան անոնց, որոնք ամէն կարելիութիւն կ՛օգտագործեն յառաջ քշելու միակողմանի, իրականութենէն կտրուած եւ արդարութեան ընկալումէ հեռու պատմութեան վարկածներ»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի յայտարարութիւններուն մէջ «կան թրքական ինքնութիւնը խորապէս վիրաւորող ակնարկութիւններ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման տարիներուն տեղի ունեցած պատմական դէպքերուն մասին»: Աւարտին գրուած է. «Նման կեցուածքներ արդիւնք են հիւանդագին հասկացողութեան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Յունաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կառուցուած են թրքական ինքնութեան դէմ հասարակաց թշնամական կեցուածքի վրայ»:

Թուրքիոյ այս յայտարարութեան շուտով պատասխանած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` յայտնելով. «Կատարուած յայտարարութիւնները այլ բան չէին, եթէ ոչ ողբալի մտայնութեան հետեւանք»: Արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանտինոս Քութրաս յոյն լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտած է, որ ընտրուած պահը շատ լուրջ է, եւ կարեւոր է հեռու մնալ կեղծաւոր ու աժան հռետորութիւններէ:

«Երեւի Թուրքիա կը կարծէ, թէ երբ պատմութիւնը համաձայն չէ իր կողմէ կատարուած պնդումներուն, այնքան աւելի վատ է պատմութեան համար», հեգնական ոճով պատասխանած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը` հաստատելով, որ «Թուրքիա պէտք է մէկդի ձգէ կամայապաշտ կեցուածքները եւ հաշտուի իր պատմութեան հետ: Դժուար այս գործին մէջ Յունաստան պատրաստ է օժանդակելու Թուրքիոյ», եզրափակած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ Յունաստանի նախագահը նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած էր. «Երբ մենք` յոյներս եւ հայերս, կը յիշեցնենք Հայոց, Պոնտոսի եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւններու մասին, ատիկա չենք ըներ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ վրէժի հիման վրայ: Մեր գործը մնայուն կերպով յիշելն ու ապագային մարդկութեան դէմ այսպիսի յանցագործութիւններ թոյլ չտալն է: Ճիշդ այս յիշողութիւններն ու այս դասերը մեզ կը միաւորեն երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան յանցագործ ահաբեկիչներու դէմ»:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Իր Տեսակէտները Չէ Փոխած Եւ Պիտի Չփոխէ»

Յաջորդը

«Մեր Ժողովուրդը Վստահ Թող Ըլլայ, Որ Մենք Չենք Սխալիր Իր Հաշուոյն» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?