Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրի Դատապարտած Է Սուրիոյ Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը

March 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kerry_31816

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ատեն անդրադարձած է Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ոչնչացուած մշակութային ժառանգութեան:

«Մենք գիտենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ համակարգուած աշխատանք կը տարուի ոչնչացնելու հինաւուրց համայնքներու մշակութային ժառանգութիւնը. կ՛ոչնչացուին հայկական, Սուրիոյ ուղղափառներու եւ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիները, կը պայթեցուին վանքեր եւ մարգարէներու շիրիմներ, կը սրբապղծուին գերեզմաննոցներ, իսկ Փալմիրի մէջ գլխատուած է 83 տարեկան գիտնականը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հնութիւններու պաշտպանութեան», նշած է Քերրի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, ՏԱՀԵՇ կ՛ատէ եզիտիները, զանոնք բնորոշելով «հեթանոսներ, սատանայապաշտներ», իսկ քրիստոնեաներուն կը սպառնայ Հռոմի, քրիստոնէական խաչերու ոչնչացմամբ եւ կիներու ստրկացմամբ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` անդրադառնալով Քերրիին յայտարարութեան, զայն դրական քայլ նկատած է այն առումով, որ ցեղասպանութիւններուն գծով Միացեալ Նահանգներու տուած պատասխանը քաղաքական ընտրութիւններէն կ՛անցնի բարոյական հրամայականի: «Մենք պիտ շարունակենք աշխատիլ, որպէսզի երաշխաւորենք այն, որ այսօրուան յայտարարութիւնը տագնապի ազդանշան ըլլայ Քոնկրեսին եւ Սպիտակ տան համար, եւ մենք` իբրեւ ամերիկացիներ, պէտք է ի վերջոյ հրաժարինք Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Անգարայի լռութեան քաղաքականութենէն», ըսած է Համբարեան:

 

 

Նախորդը

Սարքոզի Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Քրէականացման

Յաջորդը

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Շարք Մը Քաղաքապետներու Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.