Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնելու գործին: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Նուվել տ՛Արմենի»-ն, կը նշէ, որ Սարքոզի այս մասին յայտարարութիւն կատարած է Ֆրանսայի անդրծովեան տարածքներու կոմիտէի ներկայացուցիչներուն կազմակերպած ընթրիքին ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս:
Կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Քարամ շարք մը հարցումներ ուղղած է Ֆրանսայի նախկին նախագահին, ներառեալ` անոր վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին նկատմամբ: «Ես կողմ եմ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման», ըսած է Սարքոզի` յիշեցնելով, որ ճիշդ իր կառավարման տարիներուն Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ որդեգրուած է «Պուայէի օրէնք»-ը, որ սակայն կասեցուած է Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ, որ այդ ժամանակ կը ղեկավարէր Ժան Լուի Տեպրէն: Ան նաեւ նշած է, որ տուեալ ժամանակաշրջանին բաւական լարուած էին Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները, սակայն ձախերու կողմէ այս հարցին յետաձգումը բարելաւած է իրավիճակը: Սարքոզի շեշտած է, որ հակառակ անոր որ մէկ տարի մնացած է նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի նստաշրջանի աւարտին, սակայն վերջինս նշեալ հարցին մէջ որեւէ ճշգրտում չէ կատարած:
Փարիզի մէջ կազմակերպուած ընթրիքին մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաժատ Վալօ-Պելքասեմ, Իլ տը Ֆրանս շրջանի ղեկավար Վալերի Փեքրես, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան: