Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կացութիւնը` մաղթելով, որ Սուրիոյ մէջ բարեկարգումներ կատարելու համար նախագահ Ասատին յաւելեալ առիթ տրուի:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ ինք լուրջ մտավախութիւն ունի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքին ճակատագիրին գծով: Ան ըսաւ, որ մեծ վախ կայ քաղաքացիական պատերազմներէն, ինչպէս է պարագան Իրաքին:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին, պայմանաւ որ անիկա չկեղծէ եւ չքաղաքականացնէ իր առաքելութիւնը:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքին` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երբ Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ կը սպառնայ Լիբանանին եւ լիբանանեան հողերը բռնագրաւուած կը պահէ, բնականաբար Հըզպալլա կառչած կը մնայ իր զէնքին` պաշտպանելու համար իր հողերը:
«Երբ լիբանանեան հողերը ազատագրուին եւ պաղեստինցի գաղթականները ստանան իրենց տունդարձի իրաւունքը, այն ատեն է որ մենք Հըզպալլային կրնանք ըսել` ապազինուէ՛: Պէտք է հասկնալ, որ հարցերը իրարու առնչուած են», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանանի մէջ գտնուող մարոնի համայնքի առաջնորդարանները:
Յառաջիկայ երեքշաբթի, 13 սեպտեմբերին Ռայի պատրիարքը պիտի այցելէ Անթիլիասի առաջնորդարանը, չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբերին` Պէյրութի առաջնորդարանը, իսկ շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 սեպտեմբերին ան պիտի այցելէ Պաալպեքի եւ Տէյր Ահմարի առաջնորդարանները:


