Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական քոլեճին մէջ:
Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը այս տարի եւս արժանացաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն բարձր գնահատանքին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցանակաւոր աշակերտներուն անունները.
Միջնակարգ
Ա. Մրցանակ
ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
Բ. Մրցանակ
ՆԱՆՕՐ ԱՔՃԵԱՆ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ
Գ. Մրցանակ
ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
Երկրորդական Կարգեր
Ա. Մրցանակ
ՆԱՐՕՏ ՍԵՐՈՒԺԵԱՆ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
ՀԱՄԼԻԿ ՍՐԿ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք
Բ. Մրցանակ
ԱՐԵՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
Գ. Մրցանակ
ՄԱՐԻԱ ՀԱՊԷՇԵԱՆ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
ՄՈՒՇԵՂ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
17 մարտ 2016