
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ անոր կրթական դրութեան ծանօթացման ծիրին մէջ, համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան եւ փոխնախագահ դոկտ. Աշոտ Ղազարեան երէկ այցելեցին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան կարգ մը հայկական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտութեան հետ (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանի, Զալքայի Ս. Խաչ- Հարպոյեան վարժարանի աշակերտներ):
ՀԲԸՄ-ի անունով Անիթա Լիպիար ողջունեց ներկաները եւ բացատրեց հանդիպումին նպատակը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահը: Դոկտ. Կիւրեղեան նշեց, որ երկու տարիէ ի վեր կը վարէ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահի պաշտօնը: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր անգլերէնով ծանօթացման բացատրութիւններ հաղորդուեցան: Ապա դոկտ. Տէր Կիւրեղեան փոխանցեց ամբողջացուցիչ տեղեկութիւններ համալսարանի գործունէութեան մասին: Ան «փաուըր փոյնթ»-ի դրութեան միջոցով խօսեցաւ համալսարանի գործունէութեան դրութեան եւ համալսարան ընդունման պայմաններուն, դասընթացքներու ընթացքին ու ստացուելիք վկայականներու աստիճաններուն մասին: 1991-ին հիմնուած համալսարանը ունի քառամեայ դասընթացքի աւարտին ստացուելիք աստիճանի կողքին նաեւ մագիստրոսի վկայականի ուսման կարելիութիւն: Կը մտածուի դոկտորայի աստիճանով դասընթացք եւս կազմակերպել, յատկապէս` տնտեսագիտութեան եւ ճարտարագիտութեան մասնագիտութեանց մէջ: Ունի նաեւ գրադարան, ուր կան 45 հազար գիրքեր եւ աւելի քան 65 հազար ելեկտրական հատորներ: Դասընթացքները կը կատարուին անգլերէնով, քառամեայ ծրագիրով: Համեմատաբար այլ համալսարաններու, այստեղ կրթաթոշակը աւելի աժան եւ նպաստաւոր է: Սփիւռքահայերու համար յատուկ զեղչ կայ: Իսկ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած կամ տասնամեայ հայկական անցագիր ունեցողներ կրնան օգտուիլ հայաստանցի ուսանողներու համար կատարուող զեղչերէն:
Ապա դոկտ. Տէր Կիւրեղեան պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն: Փոխնախագահ դոկտ. Աշոտ Ղազարեան եւս փոխանցեց անհրաժեշտ բացատրութիւններ:


