Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայազգի Հանրածանօթ Արուեստագէտ Ասատուրի Ցուցահանդէսի Բացման Առիթով Մամլոյ Ասուլիս` «Սըրսոք» Թանգարանին Մէջ

March 17, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Assadour_31616

«Սըրսոք» թանգարանի տնօրէնութիւնը նախանցեալ օր յատուկ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպեց, յատկացուած` ֆրանսահայ գեղանկարիչ, արուեստագէտ Ասատուրի, որ հիւրաբար Լիբանան կը գտնուի կարճ ժամանակով: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արուեստի ծանօթ քննադատ, լրագրող Ժոզեֆ Թարրապ եւ Նորա Ռազիան, որոշ մեկնաբանութիւններով լուսարձակի տակ առին Ասատուրի ստեղծագործութիւններուն գեղանկարչական արժէքն ու արուեստագէտին հետեւած կամ որդեգրած չափանիշները:

Մամլոյ ներկայացուցիչներուն կատարած իր յայտարարութեան մէջ թանգարանի պատասխանատուն յայտնեց, թէ այսօր` հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին բացումը պիտի կատարուի Ասատուրի գործերու «Բնութիւնը շարժումի մէջ» ցուցահանդէսին: 1961-ին հիմնուած «Սըրսոք» թանգարանը, որ ութ տարիներէ ի վեր փակ էր հանրութեան առջեւ նորոգութեանց պատճառով, ներկայիս հինգ անգամով ընդլայնած է իր կառոյցի տարածութիւնը եւ վերանորոգուած սրահներու մէջ առաջին ցուցահանդէսով հիւրաբար Պէյրութ հրաւիրած է արուեստագէտ Ասատուրը:

Ծագումով լիբանանահայ, այժմ Ֆրանսայի եւ յաճախ Իտալիոյ մէջ  բնակող ու ստեղծագործող հայազգի արուեստագէտը իր արուեստի հակումները զարգացուցած է` աշակերտելով հանրածանօթ արուեստագէտներ Փոլ Կիրակոսեանի եւ Կիւվտերի: Նմանապէս, ան հետեւած է Իտալական մշակութային հիմնարկի դասընթացքներուն` աշակերտելով արուեստագէտ Ժան Խալիֆէի: Ապա ան իր գեղանկարչական ձիրքերը առաւել եւս զարգացուցած ու կատարելագործած է Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի արուեստի հիմնարկներուն մէջ: Ասատուր ծանօթ դէմք է եւրոպական արուեստի մարզին մէջ: Ան եղած է անդամ եւրոպական արուեստի հանգամանաւոր մարմիններու, ինչպէս` «Սալոն տը Մէյ տէօ Փարի» (1974-1977), «Լա ժէօն կրավիւր քոնթեմփորեն» (1975-1979) եւ այլն: 1975-էն ի վեր անդամ է «Լէ փենթր Կրավիւր ֆրանսեզ»-ի:

Այս ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրուին արուեստագէտին աւելի քան հարիւր ստեղծագործութիւնները, որոնց մեծ մասը թանգարանին նուիրուած է Ասատուրի գործերուն եւ առհասարակ արուեստի սիրահար Փիեռ Քըրտահիի կողմէ: Ցուցադրուող ստեղծագործութիւնները կ՛ընդգրկեն հանրութեան անծանօթ եւ  ցարդ  չցուցադրուած Ասատուրի գործերէն բազմաթիւ գլուխ-գործոցներ:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին եւ անոր հետեւած հանդիպում-զրոյցին ընթացքին Թարրապ, Ռազիան, արուեստագէտը եւ իր օգնականը` Քերիմ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ասատուրի արուեստի «աշխարհին» մասին: «Աշխարհ» մը, ուր տիրական են երկրաչափական գիծերն ու չափերը, հակառակ անոր, որ արուեստագէտը իր աշակերտութեան տարիներուն բացարձակ հակում չէ ունեցած թուաբանական կամ երկրաչափական դասանիւթերուն նկատամամբ: Անոր գործերը կարելի չէ ըմբռնել մէկ նայուածքով, պէտք է թափանցել գիծերու եւ գոյներու ոլորտներուն ընդմէջէն խորհրդանշող պատգամին:

Իրեն ուղղուող հարցումներուն պատասխանելով` Ասատուր խոստովանեցաւ, թէ երբեք չէ սիրած կաշկանդուիլ ժամանակի կամ տուեալ տարազի մը սահմաններուն մէջ: Անոր գործերը ինքնաբուխ, բնազդային մղումով, իր ներաշխարհը դրսեւորող գոյներու եւ չափերու միախառնումով, անկանոն, բայց հոյակապ աւարտով պատկերներ են:

Մարդկային ողբերգութիւններու եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանելով` Ասատուր ըսաւ. «Այդ ցաւը վստահաբար խոր է եւ մենք միշտ նման ողբերգութիւններ կ՛ապրինք, վկայ` մեր օրերու իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ»:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 մայիս 2016, «Սըրսոք» թանգարանին մէջ, Էշրեֆիէ:

 

 

Նախորդը

Զարմիկ Պողիկեան. «Հայ Համայնքը Միշտ Ջատագով Եղած Է Սուրիական Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Յաջորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. «Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Գիրքի Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.