Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներթափանցման Փորձ Մը Կասեցուած Է. Ազրպէյճան Ունի Առնուազն Երկու Մեռեալ

March 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Defense-army_000

10 մարտին` ժամը 23:20-ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), պաշտպանութեան բանակի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական-ներթափանցման փորձի: Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ժամանակին կրցած են հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ հակառակորդին հետախոյզ խումբին յառաջխաղացքը կասեցնել` վերջինիս պատճառելով առնուազն 2 մեռեալ եւ վիրաւորներ: Կանխարգելիչ գործողութեան ընթացքին պաշտպանութեան բանակը կորուստ չէ ունեցած:

10-էն 11 մարտի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, 60 (17 արկ) եւ 82 (47 արկ) միլլիմեթրնոց ականանետերէ, ՌԳՊ-7 (4 արկ) ու ՀԱՆ-17 (4 արկ) տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 5500 կրակոց: Բացի վերոնշեալէն, ազրպէյճանական զինուժը կիրարկած է նաեւ հրանօթներ: Յատկանշական է մանաւանդ այն հանգամանքը, որ հակառակորդը հրանօթներէն անցած գիշեր արդէն հրետակոծութեան ենթարկած է ոչ միայն Ակնայի (Աղտամի) ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական ստորաբաժանումներու դիրքերը, այլեւ առաջնային գիծէն բաւական մեծ խորութեամբ գտնուող որոշ տարածքներ, ինչ որ թերեւս, աննախադէպ է մայիս 1994-էն  հաստատուած զինադադարի ամբողջ ընթացքին: Նման նախայարձակ գործողութիւններէ կատարուելիք հետեւութիւնը մէկ է` հակառակորդը որդեգրած է տագնապի գօտիին մէջ իրադրութեան ապակայունացման ուղղուած աւելի սանձարձակ մարտավարութիւն, ինչ որ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով: Պաշտպանութեան բանակի  յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար դիմած են նպատակաուղղուած եւ պատժիչ գործողութիւններու: Առաջնային գիծի ամբողջ երկարութեամբ հայկական ուժերը վստահօրէն կը վերահսկեն իրավիճակը», նշուած է այս առիթով նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Մենք Պէտք Է Աշխատինք Բաց, Թափանցիկ, Հրապարակային»

Յաջորդը

Մոսկուա Մերժեց Քննել Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Բանաձեւը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.