
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կողմերուն ձեռքն է եւ ոչ թէ միջազգային միջնորդներուն: Բայց եւ այնպէս, Ռուսիան հետեւողականօրէն կ՛աշխատի լուծման օժանդակելու ուղղութեամբ:
«Իրօք, գոյութիւն ունեցող միջազգային ձեւաչափերուն մէջ Ռուսիան, ըլլալով այդ ձեւաչափերուն պատասխանատու մասնակիցը, կը շարունակէ (Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման) աշխատանքը», ըսած է ան` նշելով. «Ատիկա ոչ թէ մէկ անգամուան ջանք է, այլ` հետեւողական ուղեգիծ: Սակայն ինչ-ինչ վերջնական որոշումներ, վերջնական նախաձեռնութիւններ կրնան առաջադրել միայն տագնապի կողմերը», աւելցուցած է Փեսքով: «Ո՛չ միջազգային միջնորդները, ո՛չ Ռուսիան կրնան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխարէն լուծել տագնապը», յայտարարած է Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 10 մարտին Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծումը: