Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համալսարաններու Ապաքաղաքականացման Հարցը Կարելի Է Լուծել Միայն Համապատասխան Օրէնքի Ընդունման Պարագային

March 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_31116

Համալսարաններու ապաքաղաքականացման հարցը կարելի է լուծել միայն բարձրագոյն կրթութեան օրէնքի միջոցով: Այսօր լրագրողներու  հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի լուծէ իր կողմէ բարձրացուած խնդիրը` ապաքաղաքականացնել համալսարանները, եթէ անոնց ուսումնական խորհուրդներու նախագահներ են այնպիսի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, օրինակ` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ ուրիշներ:

«Ընդհանրապէս, եթէ երկրին մէջ գոյութիւն ունի ազգային համալսարան, խորհուրդի նախագահներ կ՛ըլլան երկրին առաջին դէմքերը, որպէսզի շեշտուի տուեալ հաստատութեան համապետական նշանակութիւնը: Մենք ունինք Երեւանի պետական համալսարան, որ մեր ազգային արժէքն է եւ այդ պատճառով է, որ խորհուրդի նախագահը Սերժ Սարգսեանն է», ըսաւ ան:

Լեւոն Մկրտչեան նշեց, որ, օրինակ` Իտալիոյ մէջ կայ յատուկ սահմանադրական յօդուած` համալսարաններու ինքնավարութեան մասին: Նման կանոնակարգման խնդիր ունի նաեւ Հայաստանը:

«Պէտք է արմատապէս բարեփոխել կրթութեան ինքնավարութեան համակարգը, իսկ ատիկա կարելի է ընել միայն օրէնքի միջոցով: Մենք պէտք է ունենանք համապատասխան օրէնք, այստեղ է միայն հարցին  լուծումը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ համալսարաններու ուսումնական խորհուրդներու  ներկայացուցիչները Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան  երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչներ են, արդեօք հաւանակա՞ն է, որ անոնք յառաջիկային փոխարինուին երիտասարդ դաշնակցականներով, նախարարը ըսաւ, թէ այս «հարցը եւս կապուած է համալսարանական ինքնավարութեան հետ»:

«Եթէ ուսանողները կ՛արտօնեն, որ ստեղծուի խորհուրդ մը, որ իրենց կրթական առօրեային հետ կապ չունի, ուրեմն իրենք չեն պատկերացներ, թէ ո՛ւր են եւ ի՛նչ բանի համար: Համալսարանը ինք պէտք է ըսէ` ինչպէ՛ս ձեւաւորել ուսումնական խորհուրդ, որ բացառապէս հետաքրքրուի համալսարանի խնդիրներով եւ, վստահաբար, ազգի հիմնախնդիրներով»:

 

 

Նախորդը

Աղբի Տագնապին Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբը Կը Յանգի Լուծումի, Իսկ Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

Յաջորդը

Անգարա Փորձած Է «Հայացնել» Նաեւ Տինքը Սպաննողները

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.