Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թատերական Կեանքը Յուզող Նիւթերով Հանդիպումներու Շարքին Երկրորդը. Հրաչ Թոքաթլեան Ներկայացուց Կի Տըպորի Տեսակէտը Թատրոնի Եւ Ֆիլմարուեստի Մասին

March 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tokatlian_31116

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, հինգշաբթի, 10 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական հանդիպումներու շարքին երկրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն ընթացքին «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանի դասախօս Հրաչ Թոքաթլեան ներկայացուց արուեստագէտ, փորձագէտ, ֆրանսացի հեղինակ Կի Տըպորի տեսակէտը թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի մասին:

Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գասպար Իփէկեան» բատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան: Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա վարչութեան ծրագրած հանդիպում-զրոյցներու շարքին երկրորդն է, որ տեղի պիտի ունենայ, որուն ընթացքին Հրաչ Թոքաթլեան պիտի ներկայացնէ Կի Տըպորը: Ապա ան հրաւիրեց դասախօսը ներկայացնելու իր նիւթը:

Կի Տըպոր եղած է հարուստ ընտանիքի զաւակ: Ան թափառաշրջիկ կեանք մը ունեցած է եւ հրահրած է շուրջինները, որ չաշխատին, որովհետեւ, ըստ իրեն, աշխատելով ինք ոչինչ պիտի շահի, այլ պիտի բարձրացնէ տիրոջ մակարդակը: Եղած է գինեմոլ եւ 3-4 անգամ անձնասպանութեան դիմած է, մինչեւ որ 1994-ին յաջողած է անձնասպան ըլլալ: Կի Տըպորի ստեղծած «իրավիճակային շարժում»-ի անդամներուն թիւը չէ անցած 12 հոգին, եւ այդ շարժումին սկզբունքներուն դէմ եղած են իրաւունքները: Ան գրած է 4-5 գիրքեր, նաեւ նկարած է փորձագիտական ժապաւէններ: Անոր գիրքերը առցանց կարելի է կարդալ, որովհետեւ իր սկզբունքին համաձայն, գիրքը պէտք չէ ծախուի, այլ` ամէն մարդու հասանելի ըլլայ:

Հրաչ Թոքաթլեան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր նիւթին մէջ անդրադարձաւ Կի Տըպորի գաղափարներուն, անոր գրած գիրքերուն ընդմէջէն, որովհետեւ ներկայիս միշտ հարցականի տակ ենք իբրեւ լիբանանահայ գաղութ կամ սփիւռք, որ դէպի ո՛ւր կ՛երթանք եւ ի՛նչ են պատմական կամ ընկերային իրադարձութիւնները, որոնք կը պատահին. մեր ինքնութեան վերաբերեալ հարցադրուող մեծ նիւթերը, որոնցմէ կարեւորագոյնը մշակոյթն է` իր տարբեր երեսներով. ներկայ սերունդը հետաքրքրուա՞ծ է մշակոյթով կամ արուեստ կ՛արտադրէ՞ իբրեւ արուեստագէտ կամ մտաւորական: Թոքաթլեան այս բոլորին պատասխանը տուաւ Կի Տըպորի տեսակէտներուն ընդմէջէն, որոնք բաւական ծայրայեղ եւ ցնցիչ առաջարկներ են, որոնք մտածել կու տան, թէ արուեստի արտադրութիւններ կան մեր շուրջ, որոնք արուեստ են առանց արուեստ կոչուելու: Կի Տըպորի գաղափարախօսութիւնը եւ առաջարկները մշակուած են եւ ներկայացուած 50 տարի առաջ: Թոքաթլեան իր ներկայացումով կը նպատակադրէր, որ ներկայ սերունդը մտքի մարզանք մը ընէ եւ տեսնէ, թէ ի՛նչ կարելի է ընել եւ ի՛նչ են տուեալները:

Աւարտին ան նաեւ ցուցադրեց Կի Տըպորի արտադրած ժապաւէններէն տեսարան մը, որ կը ներկայացնէր միայն ճերմակ պաստառ մը:

 

 

 

Նախորդը

Ուխտի Օր` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Յաջորդը

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
Զմմառու Մայրավանքի Նորակերտ Ձեռագրատան Եւ Դիւանի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Զմմառու Մայրավանքի Նորակերտ Ձեռագրատան Եւ Դիւանի Բացման Հանդիսութիւն

October 27, 2026
«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը
Գաղութային

«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.