8 մարտէն 9 մարտի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 850 կրակոց:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, յառաջապահ զօրամասերը լիարժէք կերպով վերահսկած են եւ կը շարունակեն վճռականօրէն կատարել իրենց վստահուած մարտական առաքելութիւնը: Բայց եւ այնպէս ազրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս փորձած է խեղաթիւրել իրականութիւնը:
«Հրաժարելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ յառաջ մղուած վստահութեան ներդրման միջոցառումներէն` ազրպէյճանական կողմը ոչ միայն կը շարունակէ միտումնաւոր կերպով սրել իրադրութիւնը առաջնային գիծին վրայ, այլեւ ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ հայկական ուժերը կը կրակեն խաղաղ բնակիչներուն ուղղութեամբ եւ նոյնիսկ վտանգ կը տեսնեն ոչխարներու հօտի մէջ», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտարարէ, որ յարգանքով կը վերաբերի Ազրպէյճանի խաղաղ բնակչութեան, որ շուրջ 20 տարի ստիպուած է իր ուսերուն վրայ կրելու ալիեւներու վարչակարգին ծանր բեռը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ոչխարներու հօտին, ապա ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ հակառակորդ երկիրը իր զինուորները ոչխարներու հետ կը համեմատէ, որուն վերաբերեալ համացանցին վրայ կան համապատասխան ձայնագրութիւններ», եզրափակած է նախարարութիւնը: