Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Գաղտնի Փաստաթուղթ Մը Բացայայտուած Է Տինքը Դեռ 1990-Ականներէն Հետապնդելու Մասին

March 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

samast_31016

Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան թղթածրարին մէջ մտած փաստաթուղթերը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը բացայայտեն իրականացուած ոճիրի կողքին պետութեան, մասնաւորապէս ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան գործողութիւններուն վերաբերեալ: Գործի քննութեան ծիրին մէջ յայտնաբերուած է փաստաթուղթ մը, որով պարզուած է, թէ ինչո՛ւ Տինքին երկար տարիներ անձնագիր չէ տրամադրուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» պարբերականը:

«Ակօս»-ի հիմնադիր Հրանդ Տինք շատ երկար տարիներ անցագիր չէր ունեցած: Իր դիմումները մերժուած էին շուրջ 25 տարի: 1997 թուականին պատկանող եւ «գաղտնի» նշանակուած այդ փաստաթուղթին մէջ բացի Հրանդ Տինքէն, մեկնաբանութիւն կար նաեւ այդ ժամանակ պատրիարքական փոխանորդ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի հասցէին: «Ֆրադ Տինք անուն անձը մեր կողմէ կը հետապնդուի իր հայանպաստ գործունէութեան պատճառով: Հայերու կողմէ հրատարակուած «Ակօս» թերթի խմբագիրն է եւ սերտ յարաբերութիւն ունի հայկական ազգայնական հակումներով ծանօթ պատրիարքարանի փոխանորդ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հետ»:

Միւս կողմէ, դարձեալ փաստաթուղթերով յայտնի կը դառնայ, թէ պետութիւնը հետաքրքրուած է Տինքի ոճրագործ Օկիւն Սամասթի եւ ոճիրի պատուիրատու Եասին Հայալի ազգային պատկանելիութեամբ: Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Լրաքաղութեան բաժանմունքին կողմէ ուղարկուած բացատրութեան մէջ յստակօրէն կը նշուի, թէ Կիւմիւշհանէ քաղաքի Տեմիրէօրեն գիւղի բնակիչ արձանագրուած Պահատտին-Հուրիի որդի 1981-ին Տրապիզոն ծնած Եասին Հայալի արձանագրութիւնը հետախուզուած է մինչեւ 1904 թուական եւ տեսնուած է, թէ ընտանիքի անդամներուն մէջ կրօնափոխութիւն կամ ոչ իսլամ պատկանելիութիւն մը գոյութիւն չունի: Նմանապէս Տրապիզոնի Տիւզքէօյ գաւառի Չալքէօյ գիւղի տոմարին արձանագրուած Ահմետ-Նավվայի որդի 1990-ին Սկիւտար ծնած Օկիւն Սամասթի արձանագրութիւնը հետախուզուած է մինչեւ 1899 թուական եւ տեսնուած է, թէ ընտանիքի անդամներուն մէջ կրօնափոխութիւն կամ ոչ իսլամ պատկանելիութիւն մը գոյութիւն չունի:

 

Նախորդը

Բանակը Զինուորական Որակական Գործողութիւն Մը Կը Կատարէ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքներուն Վրայ` Ջախջախելով Ահաբեկիչները

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Առաջին Դէպքը Չէ, Երբ Հակառակորդը Իր Զինուորները Ոչխարներու Հետ Կը Համեմատէ»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.