Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ 2016-ին Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ կ՛ակնկալուին հետաքրքրական զարգացումներ: Առանց փակագիծերը բանալու, ան դիտել տուած է, որ այդ նպատակով համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին` հաստատելով, որ Ճորճիա նահանգին կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը այս տարուան նոյնանման վերջին քայլը պիտի չըլլայ: