Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քենթաքի Նահանգին Մէջ Հակահայկական Բանաձեւը Մերժուած Է

March 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kentucky_030816

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 7 մարտին Քենթաքի նահանգի ծերակոյտին մէջ կասեցուած է որդեգրումը այսպէս կոչուած «Խոջալուի ողբերգութեան» 24-րդ տարելիցը ոգեկոչող թիւ 168 բանաձեւին, որ խեղաթիւրուած կերպով կը ներկայացնէր արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ փաստերը: Բանաձեւը չէ ընդունուած Հայ դատի յանձնախումբի արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչներուն կողմէ, նախաձեռնուող ապատեղեկատուութեան մասին նահանգին մէջ ահազանգ հնչեցնելէ ետք:

«Քենթաքիի մէջ ձեռք բերուած մեր փորձառութիւնը դարձեալ ապացուցեց, որ ժողովրդավարութիւնը կը գործէ, եւ նահանգին օրէնսդիր մարմինի անդամները պիտի չհանդուրժեն բռնատէր Իլհամ Ալիեւի շահերուն ծառայող խեղաթիւրման կամ միջամտութեան որեւէ փորձ: Ալիեւ կը շարունակէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած նախայարձակումը` ատով վտանգի ենթարկելով տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնը», նշած է Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արթուր Մարտիրոսեանը: Ան աւելցուցած է, որ յանձնախումբի տեղական մարմիններուն եւ փաստաբաններուն միջոցով պիտի շարունակեն աշխուժ կերպով աշխատիլ` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ միջազգային ընտանիքի կողմէ ճանաչման ուղղութեամբ:

Բանաձեւը ծերակուտական Տէյմըն Թայըրի կողմէ ծերակոյտին ներկայացուած էր 1 մարտին: Բանաձեւին մասին տեղեկանալով` Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները իսկոյն տեղեկատուական արշաւի նախաձեռնած էին` կոչ ուղղելով ծերակոյտի նախագահին ու մեծամասնութիւն կազմող խմբակցութեան ղեկավարներուն` հրաժարելու փաստերը խեղաթիւրող վտանգաւոր բանաձեւը որդեգրելէ: Իբրեւ արդիւնք, նահանգի ծերակոյտը պաշտօնապէս դադրեցուցած է բանաձեւի որդեգրման գործընթացը:

Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերու իբրեւ արդիւնք Քենթաքիի օրէնսդիրները տեղկացած են թէ՛ արցախեան հակամարտութեան իրական բնոյթին, թէ՛ ալ Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հայերուն նկատմամբ գործադրուած ջարդերուն, Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն եւ տարածաշրջանին մէջ Պաքուի ապակայունացնող դերին մասին:

 

 

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Կ՛ուզէ Արցախի Մէջ Խորհրդարանական Համակարգին Արցախեան Օրինակը Ստեղծել

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով` Կիներու Իրաւունքներու Յարգումը Պահանջող Քայլարշաւ

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է  Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ  Շրջանակային Փաստաթուղթը
Հայկական

Ֆիտան Պայրամովի Հետ Շուրջ 2 Ժամ Քննարկած Է Միրզոյեանի Եւ Ռուպիոյի Ստորագրած Թրիփփ Շրջանակային Փաստաթուղթը

January 16, 2026
Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած  Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Կարեւոր Քայլ Է»

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.