Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումով լիբանանցիները յաղթական դուրս եկան:
Մանճեան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին ելեկտրական հոսանքի սակերուն յաւելումը քննարկումի առարկայ չէ դարձած` աւելցնելով, որ նման ոչ մէկ միտում կը հետապնդէ կառավարութիւնը:


