Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 9, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով «Ուիքիլիքս» կայքէջէն, հրատարակած է այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Միշել Սիսընի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հըզպալլա իր զէնքը բարձրացուցած է լիբանանցիներուն դէմ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի, Թունուզի եւ Եգիպտոսի նոր նշանակուած դեսպանները, որոնցմէ ստանձնեց անոնց լիազօրագիրները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն շեշտեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին համար նուաճում է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան ժամը 7:10-ին թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի վերեւ` խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումը` ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը յաջողցնելու առումով, իրեն համար մեծ յաղթանակ մըն է, ինչպէս նաեւ իր ծրագիրին նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ յարգանք:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը  զինուորական ատեանէն պահանջեց օրինական միջոցներուն դիմել եւ երեսփոխան Խալետ Տահերը հարցաքննութեան կանչել` լիբանանեան բանակին դէմ անոր արտայայտած կեցուածքներուն համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ ի վերջոյ կառավարութիւնը պիտի ձախողի, որովհետեւ անոր գոյութիւնը երբեք երաշխաւորուած չէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի դրուատեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հարաւային Լիբանան կատարած այցելութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յարձակումը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ, երբեք պիտի չազդէ անոր դերակատարութեան վրայ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ իշխանութենէն դուրս գալէ ետք ընդդիմութիւնը խելագարուած է` աւելցնելով, որ ան մնայուն կերպով գրաւի կ՛ենթարկէ կառավարութեան ձախողութիւնը, մինչդեռ օրըստօրէ կառավարութիւնը աւելի եւս կը հաստատէ ինքզինք:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարին վաւերացումը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի համար մեծ յաղթանակ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ օրական 24 ժամ ելեկտրական հոսանք ունենալը լիբանանցի քաղաքացիին իրաւունքն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են խորհրդարանին մէջ քննարկելու ելեկտրականութեան տագնապի լուծման առումով կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրը եւ զայն վաւերացնելու, եթէ անոր վաւերացումը յարմար գտնեն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրիի հետ: Հանդիպումէն ետք Ասիրի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

 

Նախորդը

ԿԱՐԻՆԷ ՂԱԶԻՆԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ

Յաջորդը

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՎԱՐՈՐԴՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.