Ռ. Հ.
Քիչ նախադասութիւն այնքան լաւ պիտի արտայայտէ սերունդներու յաջորդականութեան խորհուրդը. ծնողներու ու զաւակներու յարաբերութիւններու իսկական բնոյթը, որքան կ՛արտայայտէ այս մէկը: «Պատարագը հօրս համար, հարսանիքը որդւոյս համար»:
Մէկ կողմէ յարգանքով ու հաւատքի զօրութեամբ պիտի յիշենք մեր ծնողները, մէկ կողմէ ալ ընտանիք կազմել պիտի տանք մեր զաւկին, որպէսզի սերունդը շարունակուի: Նոյնը ըրած էին մեր ծնողները մեզի նկատմամբ, անոնք ալ մէկ կողմէ պատարագով յիշած էին իրենց ծնողները, մէկ կողմէ ալ ամէն ինչ ըրած էին, որպէսզի մենք եւս կազմենք մեր սեփական ընտանիքը:
Պատարագ` հօրս համար:
Մտածենք անգամ մը եւ հասկնանք, որ ասիկա միայն հօրը համար չէ: Մեր ժողովուրդը շատ կանուխէն տէր կանգնած է մեր եկեղեցիին մէջ մեր նախնիները խունկով ու երգով յիշատակելու բարոյական պարտականութեան ու երջանկութեան: Գլխու պտոյտ պատճառող խորհուրդ մը կայ, իմաստ ու երանութիւն կայ ամէն պատարագի ընթացքին նախիները յիշատակելու արարողութեան մէջ: Յիշեա՛ Տէր եւ ողորմեա: Յիշէ Աստուած իմ եւ ողորմութիւն ըրէ անոնց` մեր նախնիներուն, մեր մեծերուն, մեր երախտաւորներուն, բոլոր անոնց, որոնք ծառայեցին մեր ազգին ու եկեղեցիին ու պատրաստեցին մեզ, օրհնութիւն տեղացուցին մեր վրայ. իրենց արիւնէն բարիքներ ու գեղեցկութիւններ հոսեցուցին դէպի մեր երակները: Մենք այսօր չենք կրնար երջանիկ ապրիլ առանց զանոնք եւս յիշելու: Ո՛չ, այդքան եսասէր չենք, այդքան մոռացկոտ չենք, այդքան ապերախտ չենք: Մենք գիտենք, որ ոչինչէն չստեղծուեցանք: Մենք գիտենք, որ մեր լինելութիւնն ու երջանկութիւնը յանկարծ հրաշքով երկինքէն մեզի չհրամցուեցաւ սակառի մը մէջ: Քանի՜-քանի՜ սերունդներու արցունքն ու քրտինքը կայ մեր լինելութեան մէջ: Նաեւ` արիւնը: Ու սիրտը: Եւ մանաւանդ` աղօթքը:
Մեր ժողովրդական առածը մեզի կը յիշեցնէ, որ եթէ մարդ ենք, մենք միաժամանակ պիտի նայինք դէպի երկու ուղղութիւններ, նախ դէպի անցեալ, յետոյ` դէպի ապագայ: Միայն այս ձեւով է, որ որպէս մարդ կրնանք դառնալ արժանավայել կեդրոն: Չես կրնար կռնակ դարձնել անցեալիդ ու նայիլ միայն դէպի ներկայ ու ապագայ: Բայց չես ալ կրնար կառչիլ-մնալ անցեալին մէջ, փակչիլ անցեալին, անցեալէն ասդին չկարենալ գալ: Չես կրնար, որովհետեւ եթէ առողջ կեցուածք ունիս, քու պարտականութիւնն է կեանքը քալեցնել դէպի յառաջիկայ օրեր:
Մեր բոլորին համար յստակ է, որ անցեալը կը խորհրդանշուի մեր հայրով ու ապագան կը խորհրդանշուի մեր զաւկով: Իրականութեան մէջ սա անցեալ ու ապագայ ըսուած երկու ժամանակները, որոնք ճշմարիտ գոյութիւն չունին, քանի որ մէկը այլեւս մնացած է անցեալին մէջ, միւսն ալ դեռ չէ ստեղծուած, այս երկու ժամանակները յաճախ մոռցնել կու տան ներկան, որ գոյութիւն ունեցող միակ իրաւ ժամանակն է: Մտածել անցեալին ու ապագային մասին` կերպով մը մոռնալ է ներկան: Արդարեւ, եթէ շատ ճշգրիտ կերպով վերլուծենք մեր կեանքը, պէտք է տեսնենք, որ մենք մեր այդ շատ արժէքաւոր ներկային կարեւոր մէկ մասը յաճախ կը ծախսենք ապագայ մը կերտելու կամ անցեալը ապրեցնելու համար: Երկուքն ալ` սրբազան պարտականութիւն, մենք այդ երկուքին կը նուիրենք մեր ներկային կարեւոր մէկ հատուածը: Ահաւասիկ այդ մասին առաջին վկայութիւնը կու գայ մեր ժողովրդական առածէն: Պատարագը հօրս համար, հարսանիքը որդւոյս համար: Այսքա՛ն: Իսկ ինծի համար ի՞նչ, ես որ հօրս ու որդւոյս միջեւ այժմու ամենամեծ գործօն իրականութիւնն եմ, ինծի համար ի՞նչ: Ժողովրդական առածը այս մասին կը լռէ: Կարծես ոչինչ ունի ինծի տալիք: Ոչինչ ունի ինծի արժանի: Կամ թերեւս ալ ճիշդ չէ ըսել, որ ժողովրդական առածը այս մասին կը լռէ, ո՛չ, չի լռեր, ան այդ մասին ալ կը խօսի: Ժողովրդական առածը ինծի ալ կու տայ բան մը: Բայց ատիկա պարտականութիւն մըն է պարզապէս: Ատիկա հօրս համար պատարագ, որդւոյս համար հարսանիք սարքելու պարտականութիւնն է: Այդ պարտականութեան համար է, որ ես հոն եմ:
Կեանքը մարդուն համար նախախնամութեան կողմէ տրուած մեծագոյն նուէրն է: Աշխարհի բոլոր գանձերն ալ եթէ վար բերէք ու քով քովի շարէք, բոլորը միասին մէկ կեանք չեն արժեր: Բոլորը միասին մէկ կեանք չեն կրնար գնել, բոլորը միասին մեր կեանքին վրայ մէկ օր իսկ չեն կրնար աւելցնել: Կեանքը այսքան մեծ նուէր մըն է մեզի:
Եւ մենք, որպէս մարդ, ի՜նչ հրաշալի արարած ենք, որ մեր այդ ամենաթանկագին գանձին կարեւոր մէկ մասը կը յատկացնենք մեր հօրը համար պատարագ, մեր որդւոյն համար հարսանիք սարքելու:
Ի՜նչ հրաշալի արարած ենք, որ մենք մեր երջանկութիւնը կը գտնենք կեանք կոչուած այդ գանձին մէկ մասը մեր նախնիներուն ու մեր յաջորդներուն նուիրելու առաքելութեան մէջ:


