Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոր մեղադրական զեկուցումին մէջ յայտնուած է կից փաստաթուղթ մը, ուր նշուած է, թէ Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան ծառայութիւնը Թուրքիոյ հայ համայնքին կը հետեւի «ցեղային պառակտիչ գործունէութիւն» ենթավերնագիրի տակ:
Պոլսահայ «Ակօս» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններով`1-30 մարտ 2011-ին Թուրքիոյ ազգային հետախուզութեան ծառայութիւնը (ՄԻԹ) երկրի բոլոր ոստիկանական բաժանմունքներուն եւ հետախուզական վարչութիւններուն հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ շարք մը կազմակերպութիւններու հետ կապուած ուղարկած է «աշխատանքային գրքոյկ»: Յիշեալ գրքոյկին մէջ «ցեղային պառակտիչ գործունէութիւն» ենթավերնագիրի տակ տեղ գտած է «հայ ըլլալ» բաժինը:
Յիշեալ գրքոյկ-փաստաթուղթը կցուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոր մեղադրական զեկուցումին: