Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղած Են Ճանչնալու Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

March 5, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տեւին Նունես
Տեւին Նունես

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամներ` Հետախուզութեան յանձնախումբի նախագահ Տեւին Նունես եւ Յատկացումներու յանձնախումբի անդամ  Տէյվիտ Վալատաօ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած են ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը: Երկու օրէնսդիրներն ալ Քալիֆորնիոյ կեդրոնական հովիտէն են:

«Անցեալ դարու ընթացքին հայ ժողովուրդը շատ ծանր ժամանակներու ականատես դառնալով վերապրած է Հայոց ցեղասպանութենէն ու խորհրդային ժամանակաշրջանի բռնաճնշումներէն, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ հայերուն դէմ գործուած ջարդերէն: Ազատատենչ հայ ժողովուրդի ողբերգական վիճակը դժուար է գերագնահատել», ըսուած է անոնց 2 մարտին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Տեւին Նունեսի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի, Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ազատութեան սկզբունքի հիման վրայ կառուցուած պետութիւն, պէտք է աջակցին անոնց, որոնք կը պայքարին իրենց հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բաւական տառապած է Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով, եւ այժմ ժամանակն է, որ միջազգային ընտանիքը ճանչնայ ինքնորոշման անոր իրաւունքը: Կոչ կ՛ուղղենք ճանչնալու ինքնորոշման իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդին, որ կը պայքարի նոյն բանին համար, ինչի համար 200 տարի առաջ պայքարած են Միացեալ Նահանգները` կեանքի, ազատութեան եւ երջանկութեան ձգտման համար», եզրափակած են յայտարարութեան հեղինակները:

 

Նախորդը

Խօսելով Պուրճ Համուտի Աղբանոցի Հարցին Մասին` «Դրական Կեցուածք Ցուցաբերելը Չի Նշանակեր Համաձայն Գտնուիլ» Հաստատեց Երեսփոխան Բագրատունի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հետախուզութիւնը Հայ Ըլլալը Ցեղային Պառակտում Կը Նկատէ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.