Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիա. Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւորման Վերաբերող Ուսուցիչի Ուղեցոյցի Մը Պատրաստութիւնը

Մարտ 4, 2016
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Genozid-als-Thema-schulischen-Unterrichts_Handreichung_2015_kl_19012016

Երբ 2005-ին Սփիւռքի եւ ցեղասպանագիտութեան հիմնարկը (Պոխումի Ռուհր համալսարան` IDG-Institute of Diaspora and Genocide Studies) իր տնօրէն` Միհրան Տապաղի նախաձեռնութեամբ Լանտի եւ Պրանտըպուրկի նահանգներուն համար հրատարակեց «Դպրոցներու մէջ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու եւ պետական ոճիրներու դասաւանդումը» խորագրեալ ուսուցչական ուղեցոյց մը, անիկա գրաւեց հանրութեան ուշադրութիւնը, եւ կարելի է ըսել, թէ մեծ աղմուկ բարձրացուց: Երբ նշեալ հրատարակութեան մէջ ընդգրկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին գլուխ մը, Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը միջամտեց, որպէսզի այդ հրատարակութեան առաջքը առնուի, բայց դեսպանատան ջանքերը ապարդիւն եղան, եւ ուղեցոյցը այնքան մեծ ժողովրդականութեան արժանացաւ, որ առաջին հրատարակութիւնը շատ կարճ ժամանակի ընթացքին սպառեցաւ:

Ներկայիս նոյն հիմնարկը պատրաստած է ցեղասպանութիւններու մասին այլ ուղեցոյց մը` Սաքս-Անհալթի կրթութեան եւ մշակութային հարցերու դաշնակցային նախարարութեան պատուէրով եւ գործակցութեամբ դպրոցի որակաւորման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման կեդրոնին: Այս ուղեցոյցը, որ կը կրէ «Ցեղասպանութեան ուսուցումը դպրոցներու մէջ» անունը, լոյս տեսած է դեկտեմբեր 2015-ին: Ինչպէս նախորդ հրատարակութիւնը, այս վերջինին բնաբանն ալ մշակուած ու գրուած է IDG-ի կողմէ: Ուղեցոյցը, որ կ՛ընդգրկէ այս մասին տարուած հետազօտական աշխատանքներու վերջին փուլը, առիթ պիտի տայ ուսուցիչներուն` դասարանին մէջ արծարծելու ցեղասպանութեան նիւթը եւ զայն ընդգրկելու դասաւանդուող այլ առարկաներու ցանկին մէջ, ինչպէս` պատմութիւն, քաղաքականութիւն, հոգեւոր դաստիարակութիւն եւ բարոյագիտութիւն: Ուղեցոյցին հիմնական նիւթն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը` 20-րդ դարու բռնութեանց պատմութեան շրջանակէն ներս:

Յայտնենք, թէ միջազգային ճանաչում ունեցող Սփիւռքի եւ ցեղասպանագիտութեան հիմնարկը, որ ստեղծուած է 1994-ին հայկական նախաձեռնութեամբ եւ ղեկավարութեամբ հիմնադիր փրոֆ. Միհրան Տապաղի, իր աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ այսօր: Ան Գերմանիոյ մէջ առաջին եւ միակ հետազօտական կեդրոնն է, որ կը զբաղի բաղդատական ցեղասպանագիտութեան ուսումնասիրութեան հարցով եւ կը քննարկէ հաւաքական բռնութեանց յառաջացման, իրագործման եւ հետեւանքներուն առնչուող խնդիրներ: Բացի գիտական հետազօտութիւններէն, հիմնարկի աշխատանքներու ծիրին մէջ կարեւոր կալուած մըն է նաեւ կրթական համակարգը: Այս ուղղութեամբ կայացած դասախօսութիւններն ու վիճարկումները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն: Իւրաքանչիւր կիսամեակին հոն կը յաճախեն 150-300 ուսանողներ, որոնք իրենց տոքթորական աւարտաճառը կը պատրաստեն փրոֆ. Տապաղի մօտ, ուր ալ հայկական փորձառութիւնը հիմնական եւ կարեւոր նիւթ մըն է: Ասոր զուգահեռ, գիտութեան մարզին մէջ, համալսարանի եւ ընկերութեան միջեւ կապերու հաստատումն ու փորձառութեան փոխանակումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հիմնարկին համար: Գիտական խորհրդաժողովներու եւ քննական հանդիպումներու կողքին, յիշատակի ոգեկոչումները, չափահասներու եւ ուսուցիչներու դաստիարակութեան յատուկ դասախօսութիւնները, ինչպէս նաեւ յատուկ նիւթերու նուիրուած շաբաթներն ու դպրոցներուն մէջ ծրագիրներու իրականացումը կարեւոր են հիմնարկին համար: Անիկա մշակած է հաւաքական բռնութեան եւ ցեղասպանութեան մասին ուսուցման վերաբերող նիւթեր, զորս կարելի  է օգտագործել դպրոցական եւ արտադպրոցական դաստիարակութեան մէջ: Ծրագրուած է նաեւ այս բովանդակութիւնները մատչելի դարձնել առցանց:

Հիմնարկի գործունէութեան ծիրին մէջ հրատարակուած եւ 128 էջերէ կազմուած վերոնշեալ ուղեցոյցը յառաջդիմական քայլ մը կը նկատուի:

Ստանալու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին.-

https://www.bildung-lsa.de/bildungsland/landesinstitut_fuer_schulqualitaet_und_lehrerbildung_sachsen_anhalt__lisa_/publikationen.html

Նախորդը

Իմ Կիլիկիան…

Յաջորդը

Կարապետ Գաբիկեանի «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ» Գիրքի Ռուսերէն Թարգմանութիւն

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In