Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

September 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան-սփիւռք «կամուրջ»ի շինութեան գործընթացին մէջ յատկանշական իրագործումներէն մէկը սփիւռքի նախարարութեան հիմնումն է, որովհետեւ անիկա  կոչուած է ըլլալու Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան զարկ տուողն ու զայն պետական մակարդակի բարձրացնողը:

2007 թուականէն ի վեր կեանքի կոչուած այս նախարարութեան գործունէութեան կը պատկանին կազմակերպումը խորհրդաժողովներու, խտացուած դասախօսական շարքերու, դէպի Հայաստան պտոյտներու եւ այլն, որոնք կը միտին մէկ կողմէ սփիւռքահայը ծանօթացնելու Հայաստանին եւ հայաստանցի իր հայրենակիցին, իսկ միւս կողմէ հայաստանցին ծանօթացնելու արտասահմանի հայուն մտածելակերպին եւ կենցաղին: Զբօսաշրջային պտոյտներէն անդին երթալով` հայը հայուն կրնայ աւելի լաւ ընկալել միայն այն ատեն, երբ կը հաղորդուի դիմացինին հոգեմտաւոր աշխարհին հետ ու կը ճանչնայ անոր առօրեայ մտորումներն ու դժուարութիւնները, ընկերային կեանքին մէջ առկայ բարդութիւններն ու վերիվայրումները, երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն հանդէպ ունեցած իր կեցուածքն ու վերլուծումները: Այս մեկնակէտով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, համագործակցելով Երեւանի պետական համալսարանին հետ, յունիս 26-էն յուլիս 15 կազմակերպեց «Սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դպրոց» ծրագիրը:

Ծրագիրին 18 մասնակիցները Հայաստան համախմբուած էին 11 երկիրներէ` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Հնդկաստանէն, Էսթոնիայէն, Հոլանտայէն, Աբխազիայէն, Ռուսիայէն եւ Հնդկաստանէն:

Լիբանանի 4 մասնակիցներէն մէկը ես էի` ուղարկուած «Ազդակ» օրաթերթին կողմէն:

Դասախօսական շարքերը տեղի ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան  բաժանմունքին մէջ բաժանմունքի տնօրէն եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Նաղաշ Մարտիրոսեանի հսկողութեան տակ: Դասախօսներ ունեցանք Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու աշխատակիցներէն, թերթերու խմբագիրներէն, համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքէն: Լրագրողներս այցելութիւններ տուինք «Հ1» պատկերասփիւռի լուրերու բաժանմունք“ մօտէն ծանօթանալու համար հեռատեսիլային հաղորդաշարերուն ուղղակի եթերային աշխատանքներուն եւ անոնց պատրաստման գործընթացին, այցելեցինք «Նոյեան Տապան» գործակալութիւն, ուր մեզի փոխանցուեցան լուրերու հաւաքման, զտման եւ հաղորդման գաղտնիքները: Քանի մը անգամ այցելեցինք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն` մօտէն տեսնելու քաղաքական համակարգի աշխատելաձեւը եւ մասնակցելու մամլոյ ասուլիսներու:

Հայ լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին ծնունդ առած այս ծրագիրը բոլորովին տարբեր բնոյթի փորձառութիւն մը տուաւ մեզի: Լրագրողներս, ոմանք` սիրողական մակարդակի վրայ, իսկ ուրիշներ` աւելի հմուտ, առիթ ունեցանք ծանօթանալու նախ իրարու հետ` իբրեւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու հայեր, ապա` Հայաստանի վիճակին: Մէկ է ամբողջ հայութեան Արարատը, սակայն իւրաքանչիւր հայ զայն կը տեսնէ իր դիտանկիւնէն, հետեւաբար հետաքրքրական էր ինծի համար իմանալ ռուսահայուն մտածելակերպն ու լոնտոնահայուն կարծիքը` տարբեր հարցերու շուրջ: Եթէ հայաստանցի հայը իր հողին վրայ ունի ապրելակերպի ու մտածելակերպի հասարակ յայտարարներու շարք մը, այդ հազուագիւտ է սփիւռքահայուն մօտ, քանի որ լիբանանահայուն եւ Հոլանտայի հայուն ընկերային վիճակը հասարակ յայտարար մը չի կրնար ունենալ. անոնք տարբեր ակնոցներ կը կրեն հարցի մը քննարկման ընթացքին, որովհետեւ հոն կը շեշտուին արեւելքցիի եւ արեւմուտքցիի տարբերութիւնները: Նկատի առնելով այս տարբերութիւնը լրագրողներս մեր կեցութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին ծանօթացանք իւրաքանչիւրին թերթին, ձայնասփիւռի կամ հեռատեսիլի կայանին աշխատանքներուն եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող մամուլի ազատութեան եւ անոր սահմանափակման մասին: Լրագրողներս, մնալով Մխիթար Հերացիի անուան հանրակացարանին մէջ, օրուան ընթացքին, դասապահերէն դուրս, կը կազմակերպէինք օգտաշատ պտոյտներ դէպի` Մատենադարան, թանգարաններ, եկեղեցիներ. այս այցելութիւններուն ընթացքին իւրաքանչիւրը կը փոխանցէր իր դասագիրքերէն եւ գիրքերէն սորված տեղեկութիւները, զանոնք կ՛աւելցնէր միւսին գիտելիքներուն վրայ: Այս պտոյտներուն կը բացայայտուէին լրագրողի տեսողութեան վերաբերեալ յատուկ հարցեր, որոնց արծարծման համար կ՛օգտագործէինք դասապահերուն ընթացքին մեզի փոխանցուած տեղեկութիւնները: Եկեղեցիները լոկ կառոյցներ չէին կրնար ըլլալ լրագրողին համար, քանի որ անոնց պատմութիւնը եւ տեղւոյն գիւղացիներուն հետ մեր ունեցած զրոյցները վեր էին պարզ դիտողի ըմբռնումէն:

Երբեմն դասապահերը կը վերածուէին խորհրդաժողովներու, ուր 18 տարբեր կարծիք կը հնչէր տուեալ նիւթին շուրջ: Իւրաքանչիւրին  մօտեցումին մէջ ընդգծուած էին Հայաստանի մէջ մամուլի ազատութեան կարեւորութիւնը եւ հայկական մամուլի օգտագործման ձեւը Հայ դատը համաշխարհային քաղաքական բեմ  բարձրացնելու համար: Երիտասարդ լրագրողներու եռուն արիւնը երբեմն չէր ընդուներ իսկ Հայաստանի մէջ մամուլի ամբողջատիրական շահագործումը, եւ ատոր համար երբեմն մեզի խորթ կը թուէին դասախօսներուն կարծիքներն ու մօտեցումը: Ամէնէն հետաքրքրական նիւթը, ըստ իս, «Հայ հասարակական միտքը քաղաքակրթական զարգացումներու համապատկերին մէջ» խորագիրով Ալբերտ Ստեփանեանին ներկայացուցած դասախօսութիւնն էր, որովհետեւ հոն ծանօթացանք քաղաքական միտքի զարգացման ժամանակաշրջաններուն, որուն մաս կը կազմէ լրատուամիջոցի ժամանակաշրջանը: Ան խօսեցաւ պետական սահմանին եւ քաղաքակրթական սահմանին տարբերութիւններուն մասին: Նկատի ունենալով, որ հայը աշխարհասփիւռ է, հետեւաբար հոն, ուր մշակոյթ մը կը ստեղծէ, կրնայ համարել իր գոյութեան սահմանները: Կարեւոր է այս գաղափարին ճիշդ ընկալումը, որովհետեւ նուրբ խնդիր է` Հայաստանի պետական սահմաններուն հարցին կապուած: Հայ ժողովուրդը պահանջատէր է իր իրաւունքներուն, հետեւաբար ներկայիս պետական սահմանները ամբողջական չըլլալով` կարելի չէ զանց առնել բռնագրաւեալ հողերուն կցումը ներկայ Հայաստանին եւ կարելի չէ բաւարարուիլ «փոքրիկ Հայաստան» մը հիմնելով օտար երկրի ափին:

Լրագրողներս հանդիպումներ ունեցանք նաեւ հայրենադարձներու հետ, ծանօթացանք անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ լսեցինք անոնց կարծիքը սփիւռքի մասին: Նկատի ունենալով, որ անոնք պէտք է ըլլան սփիւռքը ամէնէն լաւ ընկալողները, անոնց հետ մեր ունեցած օգտաշատ զրոյցներ առիթ տուին ինծի մտածելու, թէ սփիւռքահայերս որքան անծանօթ ենք սփիւռքին եւ անոր կարեւորութեան: Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը միակողմանի չի կրնար ըլլալ, եթէ սփիւռքահայը այս կամ այն պատճառով չի կրնար ֆիզիքապէս հաստատուիլ Հայաստան, ան կրնայ «Հայաստան հաստատուիլ»` շնորհիւ սփիւռքի մէջ իր հայանպաստ ներդրումներուն, ըլլայ այդ կրթական-մշակութային կամ տնտեսական գետնի վրայ: Այս չի նշանակեր, թէ արտօնուած է հայութեան ունենալու անտարբեր կեցուածք` Հայաստան հաստատուելու ու իր հողին վրան գործելու մէջ, ոչ ալ կը նշանակէ սփիւռքի իր առաքելութեան ընդհատում եւ առանց նախապատրաստութեան Հայաստանի մէջ հաստատում: Նկատի ունենալով արտագաղթի ահռելի պատկերը, կարեւոր է հաստատ ծրագիրի մը մշակումը, որ գործի առիթներ պիտի ընծայէ նախ եւ առաջ հայաստանցիին, որպէսզի չլքէ իր հայրենիքը, ապա` նոյնքան կարեւորութեամբ սփիւռքահայուն որպէսզի ան չխզէ հայրենիքին հետ իր կապը: Այս փորձառութեան միջոցով անդրադարձայ, թէ որքա՛ն աշխատանք ունի տանելիք մամուլը` իրեն շնորհուած չորրորդ իշխանութեամբ: Լրագրող մը այնքան հզօր է, որքան` ամէնէն հեղինակաւոր առաջնորդը, ուրեմն ան իր գրիչով կրնայ ժողովուրդ մը ազատագրել եւ կամ փոսը նետել, եւ ինչպէս դասապահերուն ընթացքին շեշտուեցաւ, այստեղ ամէնէն մեծ դերը խաղացողը համացանցն է: Համացանցի շնորհիւ` ճնշուած ժողովուրդներ կարողացան յեղափոխութիւններ սկսիլ, ուրեմն համացանցին ճիշդ օգտագործման ղեկը լրագրողին ձեռքին հզօր զէնք է:

Դասընթացքին աւարտին լրագրողներս ունեցանք աւարտաճառի պաշտպանութիւն: Իմ աւարտաճառս «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները «Ազդակ»ի էջերուն մէջ» խորագիրը ունէր: Հոն խօսեցայ «Ազդակ»ի աւելի քան 80 ամեայ գործունէութեան մասին, ընդգծեցի Հայաստանն ու սփիւռքը իրարու ծանօթացնելու աշխատանքին մասին` լիբանանահայուն յատկապէս եւ սփիւռքահայուն ընդհանրապէս: Երկաթեայ վարագոյրի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանէն արտաքսման տարիներուն անոր աննկուն կամքին կարեւորութիւնը շեշտեցի, որպէսզի ան կարողանար ամուր պահել հայկականութիւնը իր հայրենիքէն դուրս գտնուող ժողովուրդին մէջ: Հայրենիքի ներկան ու ապագան երիտասարդներս ենք, հետեւաբար Հայաստան-սփիւռք «կամուրջ»ը ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդուի, երբ առատ ու որակաւոր են երիտասարդներուն կարծիքները «Ազդակ»ի էջերուն մէջ: Հայ ժողովուրդը չի կրնար գործել առանց իր երիտասարդ աւիւնին, ուրեմն հարկ է չշեղել երիտասարդութիւնը մամուլէն: Աւարտաճառեր պատրաստուած էին տեսահոլովակի ձեւով, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռային յայտագիրի ձեւով:

Զանգուածային լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դպրոցին անդրանիկ հունձքին ներկայացուցիչները վերադարձան իրենց երկիրները` իրենց հետ տանելով Հայաստանէն եւ սփիւռքի հայկական գաղութներէն մեծ բաժին մը: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը կը շարունակէ կամրջումի իր ծրագիրները` տարուէ տարի զանոնք ա՛լ աւելի ամբողջական ու կազմակերպուած դարձնելով: Հայաստանի մտային ազատագրման համար կայ մէկ միջոց` առողջ մտային պաշար ունեցող հայորդիներ, իսկ այդ աշխատանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ մամուլը: Սփիւռքի մէջ թերեւս անբաւարար է լրագրողներու ներկայ մարդկային աղբիւրները, սակայն անոնք պէտք է կարենան օգտուիլ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին ընծայած առիթներէն. կը մաղթեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան այս նախաձեռնութիւնը ըլլայ տարեկան ձեռնարկ եւ ա՛լ աւելի լաւ կազմակերպուած ու նորութիւններով լեցուն, որպէսզի սփիւռքի սիրողական լրագրողները դառնան արհեստավարժ:

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՁԱՅՆԱԴԱՐԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.