Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

September 8, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան երէկուան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին ելեկտրականութեան տագնապի լուծման յատուկ ծրագիրը եւ անոր վերաբերող զարգացումները:

Կառավարութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, որուն ֆինանսաւորումը սակայն պիտի կատարուի չորս վճարումով, չորս տարուան ընթացքին, այսինքն` 2011, 2012, 2013 եւ 2014:

Այս որոշումին համաձայն, նախատեսուած է, որ մէկ միլիառ երկու հարիւր միլիոն տոլարին ուժանիւթի նախարարութեան յանձնումը կատարուի չորս վճարումով, տարեկան 300 միլիոն տոլարի բաժանումով:

Նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի դիտել տուաւ, որ ինք համաձայն է այդ ծրագիրին գործադրութեան` աւելցնելով սակայն, որ կան ելեւմտական, օրինական եւ վարչական հարցեր, զորս հարկ է լուծել:

Վարչապետը հաստատեց, որ պէտք է Վառելանիւթի հարցերու կարգաւորման խորհուրդ մը կազմել, Ելեկտրականութեան ընկերութեան նոր տնօրէնութիւն մը նշանակել` երկու ամսուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պահանջներ գործադրել:

Կը նախատեսուի, որ ծրագիրին գործադրութեան առաջին 600 միլիոն տոլարը տրամադրուի պետական գանձարկղին կողմէ:

Վարչապետը յայտնեց, որ ծրագիրին ֆինանսաւորումը չորսի բաժնուած է, որպէսզի պետական գանձարկղը նիւթական ծանր պարտաւորութիւններով չբեռնաւորուի:

«700 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան ծրագիրին գործադրութեան համար կառավարութիւնը որոշեց, որ վարչապետը անձամբ դիմէ արաբական ֆոնտերու եւ օժանդակութեան սնտուկներու, ինչպէս նաեւ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետին: Յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս: Այս յանձնախումբին աշխատանքը պիտի ըլլայ օրէնքի թիւ 462 յօդուածը բարեփոխել առաւելագոյնը երեք ամսուան ընթացքին», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի նկատել տուաւ նաեւ, որ նախարար Պասիլ հետեւողական կերպով կառավարութեան պիտի ներկայացնէ ծրագիրին գործադրութեան զանազան հանգրուանները:

Վարչապետը նաեւ հաստատեց, որ կարեւորագոյնը այն է, որ որեւէ ծրագիր ծառայէ լիբանանցի քաղաքացիներուն շահերուն եւ ոչ թէ ըլլայ անոնց հաշուոյն:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Միքաթի շեշտեց, որ 700 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանքի ծրագիրը որոշ բաց մը գոցելու նպատակով է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան տագնապի հարցին արմատական լուծման համար կարիքը կայ ամբողջացնելու ծրագիրը եւ անոր գործադրութիւնը, որուն համար նախատեսուած գումարը կը հասնի շուրջ 5 միլիառ տոլարի:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸՐՐԻՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ 5000 ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.