Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ կը շարունակէ Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Պեռնար Աքոյերի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն միջեւ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններուն, լիբանանեան ներքին կացութիւնը լաւ է եւ ապահով:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք համաձայն են քաղաքական եւ սահմանադրական բոլոր բարեկարգումներուն, ընդհանուր ազատութեանց եւ ազգային համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն յարգումին:
Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքին` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ քրիստոնեաները արաբական աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր առաքեալներուն օրերէն ի վեր` աւելցնելով, որ քրիստոնեաները իրենց դերակատարութիւնն ու ներդրումը ունին Միջին Արեւելքի մշակոյթին եւ քաղաքակրթութիւններուն մէջ:
Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, որ արդեօք կ՛ուղղուի՞նք դէպի քաղաքացիական պատերազմ, որուն գինը պիտի վճարեն քրիստոնեաները:
«Մենք կը սարսափինք Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրէն, որովհետեւ ան կը միտի արաբական աշխարհը պառակտել եւ զայն վերածել համայնքային փոքր պետութիւններու», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը լիբանանցի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ Ֆրանսայի համար կարեւոր է, որ Լիբանան շարունակէ իրեն վստահուած դերակատարութիւնը:
Ան աւելցուց, որ Արեւմուտքի եւ այլոց կողմէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած քաջալերանքին գինը պէտք չէ սուղ վճարէ քրիստոնեայ համայնքը:


