Երէկ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նոր նշանակուած նախարար Դաւիթ Լոքեանը: Ան իր խօսքին սկիզբը ընդգծեց, որ վերջին ամիսներուն քննարկման նիւթ դարձած էր ՀՀԿ-ՀՅԴ համագործակցութիւնը, եւ ինք ուրախ է այդ համագործակցութեան համար:
Յովիկ Աբրահամեան ըսաւ, որ տարածքային կառավարմանն եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը բաժնելով եւ առանձին` արտակարգ իրավիճակներու ու տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւններ ստեղծելով, սկիզբ կը դրուի նոր համագործակցութեան: Ան նշեց նաեւ, որ Տարածքային կառավարմանն եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան նախկին նախարար Արմէն Երիցեանի հետ աշխատանքը արդիւնաւէտ կը նկատուի եւ նոյն արդիւնաւէտութիւնն ալ կը սպասուի Երիցեանէն` արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը ղեկավարելու պարագային:
Անդրադառնալով Դաւիթ Լոքեանի նշանակման` Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ Լոքեանի` նախապէս կառավարութեան մէջ աշխատելու ընթացքին երկնիշ տնտեսական աճ արձանագրուած է:
Արմէն Երիցեանն ալ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ շնորհակալ է հանրապետութեան վարչապետին եւ նախագահին գնահատանքին համար:
«Շատ կարեւոր կը նկատեմ համայնքները մեծցնելու ծրագիրի աշխատանքներու շարունակութիւնը: Լաւ աշխատանքներ տարուած են, եւ կը կարծեմ` մեր համագործակցութիւնը եւս պիտի նպաստէ, որ այդ ծրագիրները կեանքի կոչուին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք, անցնելով աշխատանքի, տեսած է, որ իրեն կը շրջապատէ արհեստավարժ աշխատանքային խմբակ մը, նաեւ յոյս յայտնեց, որ Լոքեանն ալ շարունակէ արդիւնաւէտ աշխատիլ այդ խմբակին հետ:
Նոր նշանակուած նախարար Դաւիթ Լոքեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին, նաեւ ՀՅԴ-ին այս պատասխանատու գործը իրեն վստահելու համար: Դիմելով Երիցեանին` ան նշեց, որ տեղեակ է, որ նախարարութեան մէջ կը գործեն արհեստավարժ մարդիկ եւ շատ մը խնդիրներու լուծումներ կրնան ստանձնել: «Ես շնորհակալ եմ նաեւ պարոն Երիցեանին եւ կը կարծեմ` մեր համագործակցութիւնը պէտք է սերտ ըլլայ», ըսաւ Լոքեան:
Միւս կողմէ, կառավարութեան նիստէն առաջ տարածքային կառավարման նոր նշանակուած նախարար Դաւիթ Լոքեան կարճ զրոյց ունեցաւ լրագրողներուն հետ:
«Պիտի աշխատիմ, շատ պիտի աշխատիմ, որպէսզի այդ բազմաթիւ հարցերը, որոնք կան, բազմաթիւ դժուարութիւնները, որոնք այսօր ունի մեր երկիրը, կարենանք միացեալ աշխատանքի արդիւնքով յաղթահարել», ըսաւ ան: