Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Դպրոցներու Տնօրէններն Ու Մանկավարժները Պէտք Է Քաղաքականութենէն Դուրս Ըլլան»

February 26, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Levon_022516f

25 փետրուարին գումարուած կառավարութեան նիստէն ետք, կրթութեան եւ գիտութեան նոր նշանակուած նախարար Լեւոն Մկրտչեան զրուցած է լրագրողներուն հետ ու պատասխանած անոնց հարցումներուն:

4-րդ անգամ ըլլալով նոյն պաշտօնին նշանակուելու մասին հարցումին պատասխանելով` ան ըսած է, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր թեկնածութիւնը յարմար նկատած է: Նոր նշանակուած նախարարը լրագրողներէն խնդրած է երկու շաբաթ ժամանակ տալ իրեն, որպէսզի ծանօթանայ նախարարութեան հարցերուն, ապա համապարփակ կերպով ներկայացնել կացութիւնը:

Ան յիշեցուցած է, որ այս տարիներուն ինք կրթական համակարգէն դուրս չէ եղած, որովհետեւ դասախօս է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ եւ ծանօթ է այս մարզի հարցերուն: Նախարարը նշած է, որ կրթութեան մարզին մէջ արդէն 15-20 տարի է, որ կան խնդիրներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ յառաջիկային դպրոցի տնօրէններ դաշնակցականներ նշանակուին, Լեւոն Մկրտչեան ըսած է. «Ինծի համար կրթութեան համակարգի ոեւէ պաշտօնեայի համար առաջին չափորոշիչը արհեստավարժութիւնն է: Կ՛ուզեմ յստակ յայտարարել` իմ գործունէութեանս ընթացքին այլ չափանիշ պիտի չըլլայ: Եթէ մարդ իր փորձառութեամբ եւ գիտելիքներով իր պաշտօնին ատակ ըլլայ, եթէ երիտասարդ է, ու ժամանակի պէտք ունի, խնդիր չկայ, եւ եթէ մարդը ճիշդ քատր է ու ճիշդ տեղին, ամբողջութեամբ երկրորդական է անոր կուսակցական պատկանելիութիւնը: Կրթական համակարգը պէտք է կարելի եղածին չափ ապակուսակցականացնել, որ տնօրէններն ու ուսուցիչները զբաղուին կրթութեան որակի հարցով, ատիկա առաջնահերթութիւն է»:

Ան աւելցուցած է, որ ուսուցիչները պէտք է դառնան ուշադրութեան առարկայ, զանոնք պէտք է զերծ կացուցել դիւանակալական քաշքշուկներէն  եւ կարելիութիւն տան, որ ուսուցիչները միայն կրթութեան որակի խնդիրներով զբաղին:

 

 

Նախորդը

Նախարար Արծուիկ Մինասեան. «Մենաշնորհներուն Դէմ Պայքարելու Համար Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկել Ռազմավարութիւնը»

Յաջորդը

Նախարար Դաւիթ Լոքեան. «Միացեալ Աշխատանքի Արդիւնքով Պիտի Յաղթահարենք Բոլոր Դժուարութիւնները»

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.