Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակի Պետական Յանձնախումբի Անդրանիկ Նիստ

February 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25-amyag_022216

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի համանախագահութեամբ, 22 փետրուարին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնախումբի առաջին նիստը:

Աշոտ Ղուլեան խորհրդանշական նկատած է յանձնախումբի աշխատանքներու սկիզբին մասին յայտարարել միեւնոյն սրահին մէջ, ուր 2 սեպտեմբեր 1991-ի պատմական նստաշրջանը ազդարարուած է, ինչ որ պէտք է ոգեւորութիւն հաղորդէ յանձնախումբի անդամներուն:

Օրակարգի վրայ էր հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի տօնական նախաձեռնութիւններու ծրագիրի մշակումը, որուն շուրջ միտքեր փոխանակուած են: Համանախագահներուն համաձայն, ծրագիրը պէտք է կազմուի հետեւելով քանի մը սկզբունքներու. ձեռնարկները պէտք է շարունակուին ամբողջ տարուան ընթացքին, ներառեն տարբեր ոլորտներ, նպաստեն Արցախի միջազգային վարկանիշի բարձրացման, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքի ներգրաւուածութեան:

Յանձնախումբի անդամներուն առաջարկով որոշուած է յայտարարել հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի նշանակի (լոկօ) եւ յուշամետալի մրցում, պատրաստել պատկերասփիւռային հոլովակներ, տպագիր նիւթեր, կազմակերպել թեմատիկ քննարկումներ: Ընդգծուած է նաեւ այդ նախաձեռնութիւններուն 2 սեպտեմբեր 1991-ի միացեալ  նստաշրջանի պատգամաւորները մասնակից դարձնելու կարեւորութիւնը:

Նիստի աւարտին ներկաներուն առաջարկուած է մէկ շաբթուան ընթացքին կազմել 25-ամեակի նախաձեռնութիւններու ոլորտային ծրագիրներ եւ ներկայացնել յառաջիկայ հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ մարտ ամսուան սկիզբը:

 

Նախորդը

Օհանեան Եւ Դեսպան Անտրէյ Սորոքին Քննարկած Են Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ ԵԱՀԿ Գրասենեակին Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Իպրահիմովիչ Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Չերկարաձգէ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.