Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻՊԻԱՑԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ ԹՐԻՓՈԼԻԷՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԳՏՆՈՒՈՂ ԻՐԵՆՑ ՎԵՐՋԻՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

March 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թիւով աւելի մեծ եւ աւելի ծանր զէնքեր ունեցող հակառակորդներ դիմագրաւող լիպիացի ըմբոստները երէկ կորսնցուցին Թրիփոլիէն արեւմուտք գտնուող իրենց վերջին կեդրոնը եւ մեծ ջանք թափեցին դանդաղեցնելու համար Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն դէպի արեւելք արշաւը: Քազզաֆիի ուժերը սկսան մօտենալ արեւելքի մէջ ըմբոստներու կեդրոններուն` ըստ երեւոյթի վճռական յաղթանակ մը փնտռելով կամ այդ շրջաններու բնակիչները ըմբոստներուն դէմ ապստամբութեան մղելու նպատակով:

Թունուզեան սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Զուարա քաղաքին անկումով Լիպիոյ արեւմտեան շրջանը գրեթէ ամբողջութեամբ անցաւ Քազզաֆիի վերահսկողութեան տակ:

Քազզաֆիի ուժերը իրենց յառաջխաղացքը շարունակելով երէկ կէսօրէ ետք հասան Աժտապիա քաղաքը` հեռահաս հրթիռներով, հրասայլերով եւ ռմբաձիգներով ռմբակոծելով քաղաքը: Քազզաֆիի ուժերը նաեւ ռմբակոծեցին քաղաքի կենսական արեւելեան ճամբան, որ քաղաքը կը կապէ ըմբոստներու հակակշիռին տակ գտնուող այլ քաղաքներու:

Փարիզի մէջ Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու բանակցութիւնները անելի մատնուեցան, եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «Էօրոփ-1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ գետնի վրայ զարգացումները արդէն շրջանցած են դիւանագիտական ջանքերը: «Եթէ անցեալ շաբաթ կարգ մը էջուղիներ եւ շարք մը օդանաւեր չէզոքացնելու համար զինուորական ուժ օգտագործած ըլլայինք, թերեւս ի վնաս ըմբոստներուն տեղի ունեցող շրջադարձը տեղի չէր ունենար: Սակայն այդ մէկը անցեալին կը պատկանի»:

Նշենք, որ Քազզաֆիի ուժերը կը շարունակեն Թրիփոլիէն 125 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող եւ երկրին երրորդ մեծագոյն քաղաք Միսրաթան պաշարման տակ պահել:

 

 

Նախորդը

ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ՔԱՈՍԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ

Յաջորդը

ԻՐԱՆ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐ ՈՒԺԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։