Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»ի Փետրուար Գ. Փետրուարեան Ապստամբութեան Անշեղ Ուղին

February 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1988_022216

Փետրուարեան ապստամբութիւնը հայ ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան, ազատատենչութեան ու բոլոր տեսակի բռնութիւններուն դէմ ծառանալու կամքին խորհրդանիշն է:

Հարիւրաւոր տարիներ ստրուկի հոգեբանութեամբ ապրելէ ետք, Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ոտքի կանգնած եւ ընկրկելու փոխարէն` անկախ հայրենիք կերտած մեր ժողովուրդը նուաճած էր իր ճակատագիրը ինքնուրոյն որոշելու իրաւունքը:

Ապստամբելով Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային կարգերուն դէմ, մեր ժողովուրդը սանձեց Յեղկոմի բռնութեան ալիքը, ժողովուրդին մէջ վառ պահեց ազատութեան տենչը, սակայն արկածախնդրական քայլերով երկիրը քայքայման չառաջնորդեց, փոխարէնը, 70 տարի ապրելով խորհրդային կարգերուն մէջ, փայփայեց ազատութեան ու անկախութեան տենչը, իրերայաջորդ սերունդները դաստիարակեց միեւնոյն ազատատենչ ոգիով ու պատեհ առիթին   կրկին հրապարակ իջաւ, 20 փետրուար 1988-ին կրկին պայքարի դաշտ նետուեցաւ յանուն անկախ Հայաստանի վերականգնումին ու Արցախի ազատագրման:

Եթէ մեր ժողովուրդի ազատատենչ ոգին արթնցաւ 19-րդ դարու կէսերուն զարթօնքի շրջանին, այնուհետեւ ազատագրական պայքարի ու ֆետայական շարժման հանգրուանային ծաւալումով, հետագային նաեւ թրքական ոտանձգութիւններուն դէմ Արեւմտահայաստանի մէջ ծաւալած պայքարով ու Ցեղասպանութենէն ետք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի մարտնչումներով, ապա ազատ հայրենիք եւ արդար հասարակարգ ունենալու տենչը առաւել ամրապնդուեցաւ փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեամբ: Մեր ժողովուրդը ստրկութեան բեռէն միանգամընդմիշտ ձերբազատեցաւ ու իր ճակատագիրը ինքնուրոյն կերտելու վճռակամութիւնը ամրապնդելով` սերունդէ սերունդ փոխանցեց ազատատենչ հայու ոգիով ապրելու ու արարելու կամքը:

Այլ խօսքով, փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութիւնը եղաւ մեր ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան ու անկախ ապրելու տենչին արտայայտութիւնը: Այստեղ անգամ մը եւս արմատացաւ հայութեան միասնական պայքարին եւ հաւաքական շահերուն ծառայելու հրամայականը, որուն դրական արդիւնքները կը քաղենք մինչեւ օրս` մեր ազգային միասնական կեցուածքներով, հաւաքական շահերու հետապնդման ուղղուած միասնական ջանքերով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներ, սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու միասնական ջանքեր, արցախեան գոյամարտ, եւ ազերիական ու թրքական ոտնձգութիւններուն դէմ համազգային պոռթկումներ:

Փետրուարեան ապստամբութեան ոգին կը զարթնի ու պէտք է զարթնի ամէն տեղ ու ամէն անգամ, երբ հայ ազգը կ՛ենթարկուի չարաշահումներու, կեղեքումներու, ամէն տեղ, ուր կը խլուին անոր իրաւունքները, վտանգի կ՛ենթարկուին ազգային շահերը:

Զ.Պ.

 

Նախորդը

Փետրուարեան Ապստամբութիւնը Եւ Հայ-Թուրքական Առնչութիւնները

Յաջորդը

Դաւիթ Պարսամեան Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.