
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 18 փետրուարին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենար Ազրպէյճան-Թուրքիա ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցելու նպատակով Ազրպէյճանի մայրաքաղաք պիտի այցելէր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ սակայն Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին պատճառով որոշեց իր այցելութիւնը յետաձգել:
Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին արտայայտուելով` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, ակնարկելով Հայաստանը շրջանցող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին` ըսած է. «Յոյս ունինք, որ Պաքու-Կարս երկաթուղին շահագործման կը յանձնուի մինչեւ այս տարեվերջ»:
Ան Ազրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովին հետ քննած է նաեւ Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն միեւնոյն մօտեցումը որդեգրել: Միջազգային հարթակներու վրայ, Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ միասնաբար կը գործէ: Մենք միասնաբար կը գործենք բոլոր հարցերուն պարագային, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:


