Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՆԻՍՏԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՌԿԱՅ Է

September 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուիլիըմզ եւ վարչապետ Միքաթի

Ելեկտրականութեան տագնապի լուծման վերաբերող ծրագիրին հարցը, որ մնայուն կերպով կը քննարկուի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ, այսօր պիտի ստանայ իր վերջնական լուծումը, որ «ճակատագրական» կը նկատուի կառավարութեան աշխատանքներուն եւ գոյութեան առումով:

Անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ պատրաստուած այս ծրագիրին վաւերացման շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուէին ամբողջ գիշերուան ընթացքին եւ մինչեւ յետմիջօրէ, երբ Պաապտայի մէջ պիտի գումարուի կառավարութեան նիստը` նախագահութեամբ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Ելեկտրականութեան ծրագիրի քննարկման կողքին, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ու լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Միքաթի շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը պէտք է հեզասահ ընթանայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի բարեկամ երկիրներն ու պետութիւնները պէտք է օժանդակեն անոր` բանակը զինելու առնչութեամբ, որպէսզի ան կարենայ տառացիօրէն գործադրել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` դիմելու համար յարմարագոյն միջոցներուն` հարաւի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց իր դատապարտումը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ յատկապէս ֆրանսական ջոկատին դէմ գործուած ահաբեկչական արարքներուն:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին նախագահութեան ստանձնումը պատմական իրադարձութիւն է:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք ուրախ կը զգայ, որ սեպտեմբերի աւարտին հանրապետութեան նախագահը պիտի ուղղուի Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի 66-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ յայտնեց, թէ Լոնտոն կը զօրակցի Լիբանանի ազատութիւնը, կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու առաքելութեան` կոչ ուղղելով շարունակելու ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը` պահպանելու համար լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը:

Միւս կողմէ, Միքաթի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին շուրջ որոշ լուծումի մը յանգած են` յոյս յայտնելով, որ այս իմաստով կարելի ըլլայ դրական արդիւնքի մը յանգիլ:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻՆ ԵՒ ԴԱՏԱԿԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.