Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վերաբերող քննարկումները տակաւին ընթացքի մէջ են:
Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայնութիւն մը գոյացնեն` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ծրագիրին համաձայն:
Մանճեան շեշտեց, որ կարգ մը հարցերու պարագային կան տարակարծութիւններ, որոնք կը փաստեն, թէ կառավարութիւնը միագոյն չէ: Ան ընդգծեց, որ Պասիլի ներկայացուցած ծրագիրին գործադրութեան ֆինանսաւորումը ապահովողը պէտք է ըլլայ ելեւմուտքի նախարարութիւնը` նկատել տալով, որ Պասիլի ծրագիրը արդէն իսկ վաւերացուած էր նախկին կառավարութեան կողմէ:


