Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ. «ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՐԴԱՔ ՅՈՒԼԻՍԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ»

September 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Ասարթա եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մամլոյ գրասենեակը երէկ հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հրապարակած տեղեկութիւններուն իբրեւ պատասխան, մօտիկ ապագային պիտի հրատարակուի եւ կարելի պիտի ըլլայ կարդալ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի օրագրութիւնը, որպէսզի հանրութիւնը տեղեկանայ այդ օրերուն Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ճշգրիտ կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ գիտնայ, թէ որո՛նք են այդ հանգրուանին արժանապատիւ կեցուածքներ արտայայտած կողմերը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ Լոնտոն կը զօրակցի լիբանանեան հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ին տարած աշխատանքները, լիբանանեան բանակին հետ անոր գործակցութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանումը եւ լիբանանեան բանակին զինման անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ ԼԻՊԻԱ

Յաջորդը

«ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԱԼԵՆ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.