Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊԻԵՒ. «ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՅՍՏԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ՉԷ ՏՈՒԱԾ»

September 7, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սաֆար Ապիեւ

Նախանցեալ օր ընդունելով Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութիւնը տակաւին յստակ արդիւնքներ չէ տուած, եւ երկակի չափանիշները Ազրպէյճանի նկատմամբ նաեւ այսօր կ՛օգտագործուին:

Վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութիւնը` ազրպէյճանական լրատուական գործակալութիւնները կը տեղեկացնեն, որ հանդիպման ժամանակ քննարկուած է «լարուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը շրջանին մէջ, Ազրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման նպաստած պատճառները»:

Ապիեւ յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը աւելի շատ ջանքեր գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար:

Յայտնենք, որ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆոր նախանցեալ օր երկօրեայ այցելութեամբ շրջան ժամանեց:

Արտաքին գործերու եւրոպական ծառայութեան մամլոյ ծառայութիւնը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ կը նախատեսուին Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին հանդիպումները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Նախքան այցելութիւնը Լեֆոր յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասը մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան համար:

Նախորդը

ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ «ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ «ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՊԻՏԻ ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՅ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.