Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտական Կուսակցութիւնը Կը Մերժէ Թրքական Պահանջները Եւ Կը Զգուշացնէ Անգարան. Թուրքիա 2-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Ռմբակոծել Ազեզի Մէջ Քրտական Ուժերու Դիրքերը

Փետրուար 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey-Syria_021416

Թրքական բանակը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց ռմբակոծել Հալէպի հիւսիսային գիւղական Ազեզ շրջանին մէջ քրտական ուժերու դիրքերը:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու շաբաթ օր յայտնեց, որ ինք Թուրքիոյ մտահոգութիւնները հեռաձայնով փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընին` աւելցնելով, որ Պայտըն յայտնած է, որ այդ մտահոգութիւնները պիտի փոխանցէ «առնչակից կողմերուն»:

Թրքական ապահովական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ թրքական բանակին կողմէ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դիրքերու ռմբակոծումը «հակադարձութիւն է»` աւելցնելով. «Թուրքիան թիրախ դարձնող ոեւէ մէկը անհրաժեշտ հակադարձութեան պիտի արժանանայ»: Ըստ թրքական բանակին, քրտական կուսակցութիւնը շաբաթ օր ռմբակոծած է Քիլիս նահանգին մէջ գտնուող Աքճապաղլար ռազմակայանը:

«Անհրաժեշտ որեւէ քայլ պիտի առնենք ապահովելու համար մթնոլորտ մը, որ կ՛երաշխաւորէ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը, մթնոլորտ մը` առանց ՏԱՀԵՇ-ի, սուրիական վարչակարգին կամ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան», շաբաթ օր յայտնեց Տաւութօղլու: Ան պահանջեց, որ քրտական ուժերը հեռանան Ազեզէն ու քաղաքին մօտ գտնուող Մենաղ զինուորական օդակայանէն, եւ քրտական ուժերը զգուշացուց այդ օդակայանը Թուրքիոյ կամ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն դէմ յարձակում գործելու համար օգտագործելէ:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան իր կարգին ըսաւ, որ Թուրքիա այսուհետեւ իր անվտանգութեան շահերը պահպանելու համար «պաշտպանողական դիրքի» մը վրայ պիտի չըլլայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` դադրեցնելու քրտական ուժերուն դէմ ռմբակոծումը, իսկ քրտական ուժերուն կոչ ուղղեց` «անորոշ կացութիւնը օգտագործելով նոր տարածքներ չգրաւելու»:

«Անգարա եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կը դիմագրաւեն Ազեզ միջանցքէն արեւելք գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի լուրջ վտանգը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը շարունակենք բոլոր կողմերը քաջալերել կեդրոնանալու այդ հասարակաց սպառնալիքին վրայ, որ չէ դադրած գոյութիւն ունենալէ, եւ աշխատանք տանելու թշնամական արարքներու դադրեցման ուղղութեամբ»:

Ֆրանսական իշխանութիւնները երէկ կոչ ուղղեցին անմիջապէս դադրեցնելու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական դիրքերու ռմբակոծումը:

Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Թուրքիան եւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց ձեռնածալ չմնալու:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով կը դատապարտէ թրքական ոճիրները եւ սուրիական ժողովուրդին ու Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան դէմ յարձակումները»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ին նամակ յղելով վերջինիս կոչ ուղղեց «իր պատասխանատուութեան տէր կանգնելու եւ վերջ տալու թրքական վարչակարգին ոճիրներուն»: Նախարարութիւնը թրքական ռմբակոծումը «ահաբեկչական խմբաւորումներուն ուղղակի աջակցութիւն» նկատեց:

Միւս կողմէ, քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը երէկ մերժեց իր զինեալները Թուրքիոյ սահմանին մօտ դիրքերէն հեռացնելու Անգարայի պահանջը: Կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդեց, որ Թուրքիան իրաւունք չունի Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտելու եւ աւելցուց, որ Մենաղ օդուժի օդակայանը, որ շաբաթ օր Թուրքիոյ կողմէ ռմբակոծուեցաւ, նախքան անցեալ շաբաթ քրտական ուժերուն կողմէ ազատագրուիլը կը գտնուէր Ժապհաթ Նուսրայի վերահսկողութեան տակ:

Թուրքիոյ Պահեստի Սպային Ստիպած Են
Վերցնել Զօրակոչի Մասին Դիմատետրեան Գրառումը

Ռուսական «Ռեն Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները երկրին մէջ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարած են: Այդ մասին Դիմատետրի վրայ գրած է ծնունդով Ազրպէյճանէն, այժմ Թուրքիոյ քաղաքացի Ռաշատ Մամնով: Ան յայտարարած է, որ պահեստի ուժերու տեղակալ է: Ան ստացած է ծանուցագիր, որ պէտք է իր բոլոր իրերով անմիջապէս ներկայանայ իր զօրամիաւոր:

Մամնով հանդէս եկած է հայրենասիրական ելոյթով, որուն մէջ անիծած է Ռուսիան` զայն անուանելով պատերազմին աջակցող երկիր: «Բարեկամնե՛ր, մեր մօտ համապետական ռազմական զօրակոչ յայտարարած են: Այսօր ես ստացած եմ ծանուցագիր` Տրապիզոնի զինուորական կեդրոնէն: Իբրեւ սպայ զիս զինուորական հաւաքներու կը կանչեն», գրառած է ան:

«Ռասսքայա Վեսնա» կը հաղորդէ, որ ան գովերգած է թուրք ժողովուրդը, որ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին կը կռուի եւ կը ջնջէ «մեծ կայսրութիւնները»:

«Կեցցէ՛ Թուրքիան, փա՛ռք թուրքերուն: Ամբողջ պատմութեան մէջ մենք կռուած ենք: Մենք ջնջած ենք Հռոմէական երկրորդ կայսրութիւնը, մենք ծունկի բերած ենք Բիւզանդիան, մենք գետինէ ջնջած ենք Արաբական խալիֆայութիւնը: Մենք պիտի ջնջենք նաեւ Ռուսիան», գրած է Ռաշատ Մամնով:

Քանի մը ժամ ետք, Մամնով ջնջած է իր գրածը եւ փակած իր էջը, սակայն լրագրողներ հասած են իր գրածը ընդօրինակել:

Նախորդը

Սէուտական Արաբիա Չի Բացառեր Ասատի Վարչակարգը Ուժով Տապալելու Տարբերակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?