Հայաստանի կառավարութիւնը իր 11 փետրուարի նիստին չեղեալ յայտարարեց «Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր»-ը վաճառելու վերաբերող իր նախորդ տարուան որոշումը ու լուծարեց «Նտաայ ինվեսթմընթ կրուփ» ընկերութեան հետ կնքուած առուծախի համաձայնագիրը: Ընկերութիւնը ճշդուած ժամանակաշրջանին չկատարեց գոյքի դիմաց վճարումը:
Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արա Նազարեան նշած է, որ որոշումին ուժի մէջ մտնելուն յաջորդող տասը օրերուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է աշխատանք տանի բեկանելու 1 սեպտեմբեր 2015-ին կնքուած անշարժ գոյքի առուծախի համաձայնագիրը: «Որոշման նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Հայաստանի կառավարութեան 2015 օգոստոսի 13-ի N 935-ա որոշման համաձայն, «Նտաա ինվեսթմընթ կրուփ» ընկերութեան օտարուած պետական սեփականութիւն հանդիսացող գոյքի դիմաց վճարումները սահմանուած ժամկէտին չեն իրականացած», յայտնած է Նազարեան:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարած է պատրաստել նախագիծ, որով համալիրի բաժնետոմսերու կառավարումը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը փոխանցուի Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան:
Յիշեցնենք, որ օգոստոս 2015-ին կառավարութիւնը որոշեց համալիրը 30 միլիոն տոլարով վաճառել «Նտաա ինվեսթմընթ կրուփ»-ին, որ պարտաւոր էր, բացի նշեալ 30 միլիոնէն, յառաջիկայ չորս տարիներուն կատարել 100 միլիոն տոլարի յաւելեալ ներդրում: