Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տողան Թուրքիոյ Խորհրդարան Կը Հասցնէ Փոքրամասնական Վարժարաններու Դժուարութիւնները

Փետրուար 8, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սելինա Տողան
Սելինա Տողան

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Սելինա Տողան, փոքրամասնական վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները հարթելու նպատակով, Թուրքիոյ խորհրդարանին առաջարկ ներկայացուցած է` ըսելով. «Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու վարժարանները վերջին տարիներուն մեծ հարցեր կը դիմագրաւեն: Հակառակ անոր որ փոքրամասնական վարժարաններուն մէջ կրթական իրաւունքները Լոզանի համաձայնագիրի 40-41-րդ յօդուածին հիման վրայ ապահովուած են, այս վարժարանները կը դիտուին իբրեւ առեւտրական հաստատութիւններ եւ անոնց դիմաց բազմաթիւ դժուարութիւններ կը յարուցուին: Այս դժուարութիւնները հարթելու համար առաջարկ կը ներկայացնենք խորհրդարանին, որպէսզի այս նիւթին շուրջ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնը կատարուի»:

Տողան շեշտած է, որ մինչեւ այսօր, ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու վարժարաններէն ո՛չ մէկը դիտուած էր իբրեւ առեւտրական շահու վրայ հիմնուած վարժարան: 1936-ին կիրարկութեան դրուած օրէնքով, այս վարժարանները եկամուտի եւ հաստատութիւններու տուրքերէն զերծ կացուցուած են: Ան մատնանշած է, որ հակառակ մինչեւ այսօր կիրարկուած այս օրէնքին, վերջին տարիներուն փոքրամասնական վարժարանները մեծ դժուարութիւններ կ՛ապրին: Մինչեւ այսօր փոքրամասնական վարժարաններու աշակերտներուն ծնողներէն ստացուած արձանագրութեանց գումարներէն բաց մնացած բաժինները կը լրացուէին բարերարներու կողմէ: Այսուհանդերձ, այդ գումարներն ալ բաւարար չէին ըլլար: Կառավարութիւնը 2014-15 տարեշրջանէն սկսեալ բոլոր փոքրամասնական վարժարաններուն նիւթական յատկացումներ տրամադրեց: Այս յատկացումը, որ կը նախատեսէր վարժարաններու պիւտճէին բացերը գոցել, կարճ ժամանակ ետք հարցեր ստեղծեց: Արդարեւ, փոքրամասնական վարժարանները, պետութեան կողմէ տրամադրուած այս օժանդակութեան պատճառով, դասուեցան շահ ապահովելու նպատակով հիմնուած մասնաւոր վարժարաններու կարգին, եւ ելեւմուտքի նախարարութիւնը սկսաւ տուրք պահանջելու փոքրամասնական վարժարաններէն: Երբ քննիչները փոքրամասնական վարժարաններ այցելեցին քննութեան համար, ծնողներէն իբրեւ նուիրատուութիւն կատարուած գումարները ընդունեցին իբրեւ շահ եւ տեղեկագիրներ պատրաստեցին` շահու գումարներ պահանջելով:

Տողան ըսած է. «Եթէ պետութեան կողմէ կիրարկուած այս քաղաքականութիւնը շարունակուի, ապա փոքրամասնութիւններու վարժարանները փակուելու վտանգին դէմ յանդիման պիտի գտնուին: Պէտք է շեշտել, որ փոքրամասնական վարժարանները միայն իրենց համայնքին պատկանող աշակերտները կրնան ընդունիլ: Այս վարժարանները ակադեմական աշխատակազմի եւ դասագիրքերու ապահովման նիւթերուն շուրջ եւս լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն: Փոքրամասնական վարժարաններու մէջ ուսուցչական պաշտօն ստանձնելու համար ուսուցման համալսարաններու բացակայութիւնը դժուարութիւններու տեղի կու տայ: Փոքրամասնական վարժարաններուն մէջ պայման դրուած է, որ թրքերէնով դասաւանդելի նիւթերը ուսուցուին թուրք ուսուցիչներու կողմէ: Այս կիրարկութիւնը փոքրամասնութեան պատկանող ուսուցիչներուն կողմէ կը դիմաւորուի հակազդեցութեամբ: Կը ստեղծուի այն համոզումը, որ պետութիւնը չի վստահիր փոքրամասնութեանց անդամ ուսուցիչներուն: Միաժամանակ, ուսուցիչներուն միջեւ կը ստեղծուի հաւասար վերաբերումի չարժանանալու զգացողութիւնը: Սուրիոյ ներքին պատերազմին պատճառով միլիոնաւոր սուրիացիներ ստիպուեցան Թուրքիա գաղթել: Ասոնց միջեւ կը գտնուին Սուրիոյ քաղաքացի հայ աշակերտներ: Այս աշակերտները կ՛ընդունուին մեր հայկական վարժարանները ձրիօրէն, առա՛նց նիւթական ակնկալութեանց»:

Տողան իր ներկայացուցած գրութեան մէջ ակնարկած է նաեւ ասորի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ նիւթը եզրափակած ըսելով, որ այս եւ նմանօրինակ դժուարութիւններու պատճառով Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները կրթական կեանքին մէջ մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին` պահանջելով միաժամանակ, որ խորհրդարանը այս նիւթը քննէ:

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան 36-րդ Նիստը Պիտի Ունենա՞յ Նախորդներուն Ճակատագիրը

Յաջորդը

Ուրֆայի Մէջ Երբեմնի Հայկական Որբանոցը Պիտի Վերածուի Առեւտրական Կեդրոնի

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?