Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի Ֆիթրի տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց միւֆթի Քապպանիին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ միւֆթիին արտայայտած կեցուածքներուն համար:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանման երաշխիքն է լիբանանեան բանակը եւ կարելի չէ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը վտանգի ենթարկել:
Իր կարգին, միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու անոր հրամանատարութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն յարգանքին եւ վստահութեան արժանի են:
Քապպանի ընդգծեց նաեւ, որ բանակը Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխիքն է, որ լիբանանցիներուն ապահովութիւն կը ներշնչէ: Ան կոչ ուղղեց ճիգ չխնայելու` զօրակցելու համար բանակին, որ երկրին պաշտպանն է:


