«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ երեկոյեան զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ 2 կազի տակառներ արձակեցին Նոր Գիւղի շրջանի` Ճեմարանի պողոտային վրայ: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, շրջանի ելեկտրամատակարարման գործիքներէն մէկը բռնկեցաւ ու այրիլ սկսաւ: Վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան: