Յայտնած էինք արդէն, որ մեր հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքները ամբողջացնելու համար «Ազդակ»-ի հաւաքածոյէն կը պակսին 1931-ի, 1941-ի առաջին վեց ամիսները եւ 1944 տարուան թիւերը:
Մեր գործընկեր «Ժամանակ» թերթի փոխխմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան աւետեց, որ յետ ստուգման կը հաստատէ, որ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի գրադարանին մէջ գտած է հետեւեալը.
1931-ը ամբողջութեամբ:
1941-ը կը սկսի յունուարի 3-էն (թիւ 236 -3089) ու կը հասնի մինչեւ յունիսի 26-ը (թիւ 80 -3214-):
Իսկ 1944-ը կը սկսի յունուարի 1-էն ու կը հասնի մինչեւ մարտի 2-ը (թիւ` 253 -3967-):
Ուրեմն, 1941 եւ 1944-ի մնացեալ թիւերուն համար կ՛ակնկալենք, որ եթէ պակսող թիւերէն օրինակներ գտնուին` անպայման տեղեկացուինք:


