
Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին «Սուրիոյ մէջ սպանութեանց գործողութիւններուն» շարունակութիւնը նշեց եւ յայտնեց, որ «բողոքի ժողովրդային ցոյցերը պիտի չդադրին»: Ան վստահեցուց, որ «սուրիացի ժողովուրդը իր պահանջներէն պիտի չնահանջէ, եւ ասիկա յստակ է»:
Անդրադառնալով Լիպիոյ տագնապին` իշխանը ըսաւ, որ «Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը սկսաւ քաղաքներուն վերահսկել, եւ վախ չկայ»` նշելով, որ «ոչ ոք կրնայ յեղափոխութենէն արագ ձեռքբերումներու իրականացում պահանջել, որովհետեւ սովորաբար յեղափոխութիւնները երկունք կ՛ապրին»: Շէյխ Համատ յոյս յայտնեց, որ «լիպիական յեղափոխութեան մէջ այլ յեղափոխութեանց մէջ պատահածը տեղի չունենայ»:
Քաթարի իշխանը իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին եւ ըսաւ. «Թերեւս ասիկա Իսրայէլը կ՛անհանգստացնէ»: Ան նշեց, որ «այս ժողովուրդը իր իրաւունքէն եւ պահանջներէն պիտի չզիջի»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ զարգացող հինգ երկիրներ` Պրազիլը, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Հարաւային Ափրիկէն, «դէմ են Սուրիոյ մէջ լիպիական դիպաշարի կրկնութեան»:
Ան նշեց, որ եթէ հարցը այս երկիրներէն կախեալ ըլլայ, ապա լիպիական դիպաշարը պիտի չկրկնուի:
Լաւրով Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարին հետ Մոսկուայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Կ՛առաջարկենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տագնապին առնչակից բոլոր կողմերէն խիստ կերպով պահանջէ յարգել մարդկային իրաւունքները եւ երկխօսութեան ձեռնարկել: Չենք կրնար Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր ուժերը երկխօսութիւնը անտեսելու քաջալերել»:
Նշենք, որ երէկ հաղորդուեցաւ, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի չորեքշաբթի օր Դամասկոս պիտի այցելէ:


