Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղեւոնդեանց Քահանայից Նախատօնակ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Փետրուար 3, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ghevont-1_020216

Երեքշաբթի, 2 փետրուար 2016-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակի նախատօնակը: Արարողութեան մասնակցեցան միաբան հայրերը եւ նախատօնակին նախագահեց Եփրեմ արք. Թապագեան:

Բուն Բարեկենդանը կանխող երեքշաբթի օրը Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն նուիրուած է Ղեւոնդեանց քահանայից, որոնք մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահուն իրենց հաւատքի ամրութեամբ եւ պաշտօնի գիտակցութեամբ առաջնորդ հանդիսացան` յոյս ու կորով ներշնչելով հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուող Վարդանանց ճակատամարտին: Արարողութեան ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Ղեւոնդեանց այս արի կեցուածքը եւ անխախտ հաւատքը կը վերանորոգէ ու կը վերակենսաւորէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը իր աստուածանպատակ եւ ազգաշէն առաքելութեան մէջ:

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը`
Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

ghevont-2_020216

Նոյն օրը, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն: Պատարագը մատուցեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք մեր գիտակցութեան մէջ վերանորոգելու Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց սերունդի «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» սրբազան ուխտը եւ մերօրեայ կեանքին համար, այդ ուխտին մէջէն գտնելու առաջնորդութիւն` մեր աշխատանքին եւ նուիրումին համար: Ան յայտնեց, որ 451 թուականին հաւատքի եւ հայրենիքի սկզբունքներուն շուրջ միաւորուած էր ամբողջ ժողովուրդը, եւ Մամիկոնեանք ու Ղեւոնդեանք միասին մէկ հաւատքով ժողովուրդի կեանքին մէջ կը տանէին իրենց առաքելութիւնը` քաջ գիտակցելով, որ առանց հաւատքի եւ հայրենիքի հայութիւն չկայ:

«Մեր կեանքը տագնապներով լեցուն է, եւ մեր այսօրուան կեանքին համար մենք պէտք ունինք նուիրական սրբութիւններու, սկզբունքներու, որպէսզի պահենք մենք զմեզ հաւաքաբար, նաեւ անհատաբար, եւ իմաստ ու արժէք ունենայ մեր գոյութիւնը այս աշխարհին մէջ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ պէտք է գիտակցինք, որ յանուն գոյութեան հաւատքն ու հայրենիքը մեզի համար կը մնան միեւնոյն նուիրականութեան սկզբունքները, որոնցմէ չենք կրնար շեղիլ, որովհետեւ առանց հաւատքի, հայրենիքի եւ հայրենական աւանդներուն անիմաստ եւ անարժէք է մեր գոյութիւնը, որուն համար դարեր շարունակ մեր նախնիները տքնեցան, պայքարեցան, արեան գնով զանոնք պաշտպանեցին, որպէսզի մենք հայօրէն տոկանք եւ շարունակենք մեր գոյութիւնը աշխարհի մէջ:

«Առանց հաւատքի եւ հայրենիքի ներկայութեան չկայ հայ ընտանիք, չկան ազգային կառոյցներ, չկայ հայ եկեղեցի եւ չկայ հայրենիք», հաստատեց Շահէ եպս. Փանոսեան եւ ընդունելով, որ աշխարհէն եկող տագնապները ծանր կը ճնշեն բոլորին ուսերուն, նկատել տուաւ, որ Վարդանանց սերունդը ոչ միայն մեր կեանքի պայմանները չունէին, այլեւ իւրաքանչիւրը պարտաւորուած էր պաշտպանելու իր սեփական ինքնութիւնը, ազգային գոյութիւնը, նաեւ հայրենիքը: Անոնք պարսկական սուրին դիմաց պարտաւորուեցան պայքար մղել, որպէսզի չզոհեն քրիստոնէական կրօնը եւ իրենց սեփական ազգային դիմագիծը:

Առաջնորդ սրբազանը ցաւով յայտնեց, որ ներկայիս մեր կեանքին մէջ կը զոհենք քրիստոնէական կրօնը եւ ազգային բարքերը, նուիրական սրբութիւնները, դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդի շունչով կերտուած արժէքները, նաեւ կ՛ոտնակոխենք հայոց պատմութիւնը, որովհետեւ պատրաստ չենք «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» պայքար մղելու ի խնդիր մեր սեփական եւ հաւաքական գոյութեան: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց մեր գիտակցութեան մէջ նոր կեանք տալու հաւատքի եւ հայրենիքի հասկացողութիւններուն եւ նոր մղում տալու մեր աշխատանքներուն ու ճիգին, որպէսզի յաղթահարենք աշխարհի դժուարութիւնները եւ ըլլանք արժանաւոր յաջորդները Վարդանանց սերունդին:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ Վարուժան Խտըշեանի Յիշատակին Նուիրուած Յաւելուած

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?