Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

March 16, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նախարարները իրենց սպիտակ պաշտօնական տարազներով պիտի ուղղուին Պաապտա:

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի բացայայտումները յուլիսեան պատերազմին մասին. «Իսրայէլի քաղաքական ուղեգիծն է հզօրացնել վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը», «Օլմերթ. Ես կը սիրեմ Սինիորան եւ շատ ուրախ պիտի ըլլամ անոր հետ հանդիպում մը ունենալով», «Ցիփի Լիվնի. Իսրայէլի եւ Լիբանանի համար Հըզպալլայի ապազինումը հասարակ յայտարար է», «Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պեռնար Էմիէ. Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը փափաքին, որ Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլ կատարէ կեղտոտ արարքներ», «Ֆուատ Սինիորա. Մեր նպատակն է խաղաղութիւնը, Իսրայէլի ապահովութիւնն ու Հըզպալլայի ապազինումը»:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յարաբերութիւնները աւելի քան լաւ են եւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը միշտ օժանդակած է իրենց:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած է արդէն կառավարութեան կազմ մը, որուն մէջ զօր. Միշել Աունին յանձնուած է 11 նախարարութիւն` ներքին գործոց նախարարութիւնը վերապահելով անկախ անձնաւորութեան մը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը գտնուին լիբանանեան քաղաքական այնպիսի թեւի մը առջեւ, որ կը հպարտանայ Իսրայէլի հետ նոյն խրամատին մէջ ըլլալու իրականութեամբ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Սելիմ Սայէղ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթին չեն կրնար անտեսել 13 մարտին Պէյրութի մէջ արձակուած կոչերը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի անդամ միւֆթի սէյիտ Ալի Մեքքի յայտնեց, որ Աստուծոյ փառքով կերտուած է Դիմադրութեան յաղթանակը, որովհետեւ ան իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ տարբերութիւն չէ դրած:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ 13 մարտին Պէյրութի ցոյցին մասնակցողներուն թիւը մէկ միլիոնի հասցնելը լիբանանեան հանրային կարծիքը խաբելու նպատակով եղած է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես յայտնեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումները մաս կը կազմեն կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիա կը փափաքի, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմուի:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Դիմադրութեան զէնքին դէմ յայտարարուած արշաւը պիտի շարունակուի եւ երբեք միտում չկայ զայն հանդարտեցնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին նախարար Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համախոհութիւն գոյացնելու միակ միջոցը Դիմադրութեան զէնքը լիբանանեան պետութեան տրամադրութեան տակ դնելն է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը շեշտեց, որ նախարարութիւնը ընդառաջած է Միջազգային դատական ատեանի բոլոր պահանջներուն` առիթ տալով հարցաքննելու իր պաշտօնեաները:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան աշխատանքի նախարար Պութրոս Հարպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապատի կոչ ուղղեց միջլիբանանեան երկխօսութեան եւ կեդրոնանալու շրջանին մէջ Լիբանանի միակ թշնամիին` Իսրայէլի դէմ:

 

Նախորդը

Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Ֆ ԵԱ ԼՈՒՊՆԱՆ, Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Օ՜Ֆ

Յաջորդը

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ 4 ՕԴԱՆԱՒԵՐ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.