Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օպամայի Յատուկ Ներկայացուցիչը Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Քննարկած Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Ուղիները

February 2, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mcgurk-in-Kobane_020116

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Պրեթ ՄքԿըրք անցեալ հանգստեան օրերուն այցելած է հիւսիսային Սուրիա, ուր հանդիպում ունեցած է քիւրտ ղեկավարներու հետ:

Այցելութիւնը 2012-ին Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտի Դամասկոսէն հեռանալէն ի վեր ամերիկեան վարչակազմէն պատասխանատուի «առաջին յայտնի այցելութիւնն է»:

ՄքԿըրք շրջանին մէջ մնացած է երկու օր: Անոր այցելութեան հիմնական վայրը եղած է Արաբ Բունարը: Օրաթերթը կը գրէ, որ ՄքԿըրք այցելած է «Սուրիոյ հիւսիսի ինքնահռչակ քրտական միջատարածք, որ կը կրէ Ռոճաւա անունը», որ քրտերէն թարգմանաբար կը նշանակէ Արեւմտեան Քիւրտիստան: «Այդ այցելութիւնն ու քննարկումները, որոնք կատարած է յատուկ ներկայացուցիչը, պայմանաւորուած էին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքի ճնշումը ուժեղացնելու ուղիներու որոնումով», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը գրէ. «Թուրքիան յարաճուն անհանգստութիւն կը դրսեւորէ Սուրիոյ քրտական խմբաւորումներուն ուժեղանալուն նկատմամբ եւ հրասայլեր ու զօրքեր կ՛ուղարկէ Սուրիոյ հետ սահման` սպառնալով զինուորական գործողութիւններու սկսիլ` չարտօնելու համար քրտական նոր տարածքային կազմաւորումի մը յառաջացումը»:

Քրտական աղբիւրի մը տուեալներով` «Միջազգային դաշինքի զինուորական պատուիրակութիւն» մը շաբաթ օր հանդիպում ունեցած է քիւրտերէ եւ արաբներէ կազմուած Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր դաշինքի ղեկավարներուն հետ: Աղբիւրը նշած է, որ այդ հանդիպումները ազդեցութիւն պիտի ունենան շրջանային իրավիճակի զարգացման բազմաթիւ գործօններու վրայ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Եւ Բրիտանիոյ Յարաբերութիւններու Վերատեսութեան Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջդիմութիւն

Յաջորդը

Փաթրուշեւ. «Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Լուծումի Ամբողջացումը` 18 Ամիսէն». Ուաշինկթըն Պիտի Յարգէ Ժընեւի Բանակցութեանց Շուրջ Սուրիական Ընդդիմութեան Կողմէ Որդեգրուելիք Որեւէ Որոշում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.