Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Եւ Բրիտանիոյ Յարաբերութիւններու Վերատեսութեան Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջդիմութիւն

February 2, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թուսք եւ Քամերոն
Թուսք եւ Քամերոն

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտարարած է, որ առայժմ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ յարաբերութիւններու վերատեսութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ:

Կ՛ենթադրուէր, որ համաձայնագիրի նախագիծը եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացուէր 1 փետրուարին` Եւրոպական Միութեան յառաջիկայ վեհաժողովի նախօրեակին: Թուսք-Քամերոն հանդիպումը տեղի ունեցած է Լոնտոնի` Բրիտանիոյ վարչապետի նստավայրին մէջ:

Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովը նախատեսուած է 18-19 փետրուարին:

Քամերոն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Թուսքի հետ հանդիպումը յաջող անցած է, եւ թէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը համաձայնած է բանակցութիւնները երկարաձգել յաւելեալ 24 ժամով:

Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ Թուսքի խումբը Քամերոնի հետ իր ղեկավարի հանդիպումին աւարտէն ետք մնացած է Տաունինկ փողոց թիւ 10-ի մէջ` մշակելու համար նախագիծը:

Վարչապետի դիւանատան յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Թուսք հասկցուցած է, որ կը ծրագրուի համաձայնագիրի նախագիծի բնագիրը Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներու պատուիրակութիւններուն տարածել 2 փետրուարին»:

Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց «Ֆրանս2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Բրիտանիոյ (Եւրոպական Միութենէն) դուրս գալը ոչ միայն տնտեսական հետեւանքներ պիտի ունենայ, այլ նաեւ պիտի տկարացնէ աշխարհի վրայ Եւրոպայի դերը: Ատիկա խիստ անցանկալի քայլ պիտի ըլլայ»:

«Առանց Եւրոպական Միութեան Բրիտանիոյ շուկան զգալիօրէն պիտի նեղանայ», նշեց ան` աւելցնելով. «Իր կարգին, Եւրոպական Միութիւնը պիտի զրկուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամէն, ով վեթոյի իրաւունք ունի: Ատիկա պիտի յանգեցնէ միջազգային ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան ազդեցութեան նուազեցման»:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ նախընտրելի է, որ Բրիտանիան մնայ Եւրոպական Միութեան մէջ, «սակայն կարելի չէ ատոր ձգտիլ ամէն գնով»:

 

Նախորդը

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի. Գորշ Գայլերը Կրնան Մեղսակից Ըլլալ Սինայի Մէջ Ռուսական Օդանաւի Ջախջախման

Յաջորդը

Օպամայի Յատուկ Ներկայացուցիչը Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Քննարկած Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Ուղիները

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.