Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Սայիտա Զէյնապ շրջանը հարուածած ականահարումներուն թիւը երեք էր եւ ոչ թէ երկու: Ականահարումներու թիրախ էին խիտ բնակչութիւն ունեցող փողոց մը եւ շրջան մը:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ ականահարումներուն պատճառով արձանագրուած է 45 զոհ եւ 40 վիրաւոր: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, զոհերուն թիւը 110 է:
Նշեալ ականահարումները Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր մեծագոյններն ու ամէնէն արիւնալիները կը նկատուին:
Ականահարումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ-ը:
Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի դատապարտեց ականահարումները` նշելով, որ անոնց նպատակը քաղաքական հոլովոյթը ընթացքի մէջ դնելու փորձերը արգելակելն է: Ան նշեց, որ այդ արարքին հեղինակները կը փորձեն «սպաննել» խաղաղութեան հաստատման յոյսը: